Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Վերջնագիր Ներկայացուցած Է

Մայիս 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն Թետրոս Ատանոմ Կեպրայէսուսին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն ամբողջութեամբ պիտի դադրեցնէ կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը եւ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր անդամակցութիւնը, եթէ կազմակերպութիւնը երեսուն օրուան ընթացքին չիրականացնէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պահանջուող բարեփոխումները:

Սպիտակ տան ղեկավարին համաձայն, ամերիկեան վարչակազմը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին գծով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անյաջող արձագանգին  վերաբերեալ հետաքննութիւն կատարած է:

«Այս հետաքննութիւնը հաստատած է շատ լուրջ մտավախութիւններ, որոնք ես բարձրացուցած եմ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին. յատկապէս մտահոգիչ է Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութենէն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անկախութեան բացակայութիւնը», նշուած է Թրամփի նամակին մէջ, որ ան հրապարակած է «Թուիթըր»-ի վրայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն պահանջեց «զգալի էական բարելաւումներու ձեռնարկել», ներառեալ` «Չինաստանէն անկախութեան դրսեւորումը»:

«Պարզ է, որ համաճարակին արձագանգելու ձեր կանոնաւոր սխալներն ու կազմակերպութեան սխալները չափազանց մեծ արժէք ունեցած են աշխարհի համար», նշուած է նամակին մէջ:

«Վարչակազմս արդէն սկսած է ձեզի հետ քննարկել այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է բարեփոխել կազմակերպութիւնը: Սակայն դուք պէտք է արագ գործէք: Մենք վատնելու ժամանակ չունինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ ապրիլին յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը դադրեցնէ կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը: Ան քննադատած էր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ձեռնարկած քայլերը` ընդգծելով, որ կառոյցը համարժէք չէ արձագանգած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը մեղադրած է համաճարակին դէմ յարձակողական պայքար չծաւալելու յանցանքով:

Սպիտակ տան առընթեր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Չինաստան «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն վնասուած երկիրներուն երկու միլիառ տոլարէն աւելի պէտք է յատկացնէ:

Յիշեցնենք, որ Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին մէկ օր առաջ Առողջապահութեան համաշխարհային վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած էր, որ իր երկիրը յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին երկու միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ «Քորոնա» ժահրէն վնասուած երկիրներուն:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան երկու միլիառ տոլարի ծաւալով պարտականութիւնները կոչուած են շեղելու ուշադրութիւնը բազմաթիւ երկիրներու կողմէ հնչող կոչերէն, որոնցմով կը պահանջուի պատասխանատուութեան ենթարկել Չինաստանի կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները չկատարելու, այսինքն` կատարուածին մասին աշխարհը տեղեակ չպահելու համար»:

«Իբրեւ բռնկման աղբիւր Չինաստանը յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրէ, որպէսզի աւելին վճարէ: Միացեալ Նահանգներ 10,2 միլիառ տոլար յատկացուցած է «ՔՈՎԻՏ-19»¬ի դէմ պայքարի համաշխարհային քայլերուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 254.220-ի, եւ երկիրը վարակուածներու թիւով Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն ետք գրաւեց երրորդ դիրքը` շրջանցելով Բրիտանիան: Երկրին մէջ մահացածներուն թիւը 16.792 է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.508.000-ի, իսկ մահացածներունը` 90.309-ի: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 9263 եւ մահուան 115 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 299.941-ի, իսկ մահացածներունը` 2837-ի: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 175.210-ի, իսկ մահացածներունը` 8007-ի: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 101.139-ի, իսկ մահացածներունը` 3163-ի:

Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման մէկ պարագայ եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 702-ի: Մահացածներուն թիւը շարունակեց մնալ 12:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւն. «Իսրայէլ Պէտք Է Հրաժարի Պաղեստինեան Բռնագրաւեալ Տարածքներու Բռնակցումէն»

Յաջորդը

Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Պատուիրակը Սուրիայէն Վարձկաններու Լիպիա Փոխադրութիւնը Կը Նկատէ Խիստ Անախորժ Հարց Մը

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?