Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամն Ըլլալով. Օդանաւ Մը Ապու Տապիէն Դէպի Իսրայէլ Ուղիղ Թռիչք Կատարած Է

Մայիս 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էմիրաթական «Իթթիհատ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող բեռնատար օդանաւ մը առաջին անգամն ըլլալով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիէն ուղիղ թռիչք կատարած է դէպի Իսրայէլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին:

Կը հաղորդուի, որ օդանաւը էջք կատարած է երեքշաբթի երեկոյեան:

Անիկա Կազայի եւ Այսրյորդանանի պաղեստինցիներուն համար մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրած է: Մասնաւորաբար տեղ հասցուած է 16 թոն դեղորայք, ներառեալ 10 արհեստական շնչառութեան սարքեր, անձնական առողջապահութեան միջոցներ:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ իսրայէլացի Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ լրագրող Ճաքի Հուճի, երեքշաբթի օր «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում մը կատարելով, յայտնած է. «Պեն Կորիոն օդակայանին մէջ այս երեկոն պատմական է»` աւելցնելով, որ էմիրաթական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը «առաջին անգամն ըլլալով հրապարակաւ» էջք պիտի կատարէ Իսրայէլի մէջ:

Ան նշեց, որ թռիչքը համակարգուած է էմիրաթական եւ իսրայէլեան իշխանութիւններուն միջեւ` աւելցնելով, որ օդանաւին մէջ որեւէ «պաշտօնական անձնաւորութիւն» պիտի չըլլայ, եւ անոր անձնակազմը Իսրայէլի մէջ պիտի չմնան:

Իսրայէլացի գրողը մէկ այլ գրառումի մէջ նշեց, որ էմիրաթական օդանաւային ընկերութիւնը կը պատկանի իշխող Ալ Նահիան տոհմին` դիտել տալով. «Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին, սակայն լուսարձակներէ հեռու սերտ կապեր կան»:

«Իթթիհատ» օդանաւային ընկերութիւնը, իր կարգին, յայտնեց, թէ Ապու Տապիէն Թել Աւիւ մարդասիրական թռիչք մը իրականացուցած է` պաղեստինցիներուն բժշկական մատակարարումներ հասցնելու համար` աւելցնելով. «Օդանաւին մէջ ճամբորդներ չկային»:

 

Նախորդը

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ Աթէնքի Մէջ Թրքական Դրօշի Հրկիզումը

Յաջորդը

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Կը Խզէ Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բոլոր Համաձայնագիրները

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?