Հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկման եւրոպական կեդրոնի տնօրէն Անտրէա Ամոնի համաձայն, ամբողջ Եւրոպայի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի երկրորդ ալիքի հեռանկարը այլեւս հեռուն ուրուագծուող տեսութիւն չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»:
«Հիմա հարցը այն է, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ուժգնութեամբ պիտի ըլլայ: Իմ կարծիքովս` ասիկա հարց է», յայտնած է կեդրոնին տնօրէնը:
Ամոն բրիտանական օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Հիմնուելով ժահրի բնութագիրներուն վրայ, քննելով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակչութեան դիմադրողականութեան մակարդակը, որ այնքան ալ յուսադրող չէ` 2-14 առ հարիւր, այսինքն` բնակչութեան 85-90 առ հարիւրը կրնայ վարակուիլ, ժահրը մեզի շատ աւելի մօտ է, քան յունուար եւ փետրուար ամիսներուն: Չեմ ուզեր վախ ներշնչել, սակայն մենք պէտք է իրատես ըլլանք: Հիմա հանգստանալու ժամանակը չէ»: