Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Կիր Փեթերսոն յայտարարեց. «Զինեալներ Սուրիայէն Լիպիա փոխադրելը խիստ անախորժ հարց մըն է»:
«Սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը համաձայնեցան Ժընեւի մէջ ժողով գումարել` շարունակելու համար սահմանադրական յանձնախումբի աշխատանքը անմիջապէս, որ կացութիւնը արտօնէ եւ համաճարակէն յառաջացած կացութիւնը բարելաւուի», նշեց Փեթերսոն: