Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալճերիոյ Նախագահը Կը Մաղթէ, Որ Ֆրանսան Իր Երկրին Գաղութատիրական Անցեալին Համար Լիարժէք Ներում Հայցէ

July 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժին Թապուն նշեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կրնանք հանդարտեցման եւ յիշողութեան առնչուած խնդիրներուն մէջ հեռուն երթալ: Ան պարկեշտ մարդ մըն է ու «պատմականօրէն» մաքուր է եւ կը ջանայ կացութիւնը հանդարտեցնել»:

«Մաքրոն կ՛ուզէ իր երկրին` Ֆրանսային ծառայել, սակայն նոյն ատեն մեր յարաբերութիւններուն առիթ տալ իրենց բնական մակարդակին վերադառնալու: Երկու անկախ պետութիւններու եւ երկու գերիշխան պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններ հաստատել», ըսաւ ան:

Ալճերիոյ նախագահը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց ֆրանսական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին սպաննուած ալճերիացիներու գանկերուն հայրենիք վերադարձը` մաղթելով, որ «Ֆրանսան ապագային նոյնպիսի քայլերու դիմէ»:

«Ֆրանսան այս քայլով այդ ժամանակաշրջանին իր գործած ոճիրներուն համար կիսատ ներումի հայց ներկայացուց», նշեց ան` մաղթելով. «Կը շարունակէ այս ուղղութեամբ ընթանալ եւ լիարժէք ներում կը հայցէ»:

Ներալճերիական մակարդակի վրայ ան խօսեցաւ ժողովրդային շարժումէն այլ բանտարկեալներու ազատ արձակման կարելիութեան մասին` նշելով. «Ժամանակն է հանդարտ ու շինիչ երկխօսութեան հանգրուան անցնելու»:

Ալճերիոյ նախագահը փափաք յայտնեց  սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին երկրին համար նախագահական վարչակարգին վերջ տուող նոր սահմանադրութեան մը շուրջ ժողովրդային հանրաքուէ մը կազմակերպելու:

 

Նախորդը

30-ամեակի Հաւաքոյթ` Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Հովիւ Մը Պուպոնիք Ժանտախտէ Կը Տառապի

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.