Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Մուժթապի Զունուրի խորհրդարանին մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆի լսումի նիստին ընթացքին յայտարարեց. «Արտաքին քաղաքականութեան մէջ Զարիֆի ընթացած ուղին սկիզբէն սխալ էր եւ ատիկա մեր ժողովուրդին ձգտած նպատակներէն ոչ մէկը իրագործեց»:
Ան Զարիֆը ամբաստանեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամէնէիի դիտողութիւնները նկատի չառնելու մէջ: «Հոգեւոր առաջնորդը յայտնեց, որ պէտք է երկրի ներքին ուղղութեան վստահելու քաղաքականութեան հետեւիլ եւ խնդիրները ներքին ուղիով եւ տարածաշրջանի երկիրներու հետ համագործակցութեան ճամբով լուծել, նաեւ հիմնուիլ Ամերիկայի նկատմամբ անվստահութեան սկզբունքին վրայ, սակայն Զարիֆ ատոր ճիշդ հակառակ ուղիով ընթացաւ», յայտնեց ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ պիտի չպատասխանէ երեսփոխաններուն կողմէ իր հասցէին կատարուած վարկաբեկիչ խօսքերուն եւ յիշեցուց. «Գերագոյն հոգեւոր պետը զիս քաջարի կոչեց»:
Միւս կողմէ` իրանեան «Ֆարես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ աւելի քան 200 իրանցի երեսփոխաններ երէկ ստորագրած են շարք մը թղթածրարներու շուրջ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին լսելու օրինագիծ մը:
«Ֆարես» կը նշէ, թէ այդ թղթածրարներու շարքին են Հիւլէական համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, տոլարի գինի բարձրացումը, կալուածներու եւ ինքնաշարժներու գիներու աճը:
200 երեսփոխանները կրնան պաշտօնազրկել Ռուհանին եւ անոր նկատմամբ անվստահութիւն յայտնել: Այդպիսի քայլի մը համար կարիքը կայ 174 երեսփոխաններու անվստահութեան քուէներու: Այժմ կը մնայ խորհրդարանի արմատական նախագահ Պաքեր Քալիպաֆի լսումի թուական ճշդել:
Ըստ իրանեան օրէնքին, միայն գերագոյն հոգեւոր պետ սայետ Ալի Խամենէին կրնայ լսումը կամ նոյնիսկ նախագահին նկատմամբ անվստահութեան քուէն չեղարկել: Փորձագէտներ անհաւանական կը նկատեն, որ Խամենէի արգելք հանդիսանայ լսումին, սակայն համակարծիք են, որ խորհրդարանին մէջ նախագահին տապալումը չարտօնուի: