Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիան Վերջին 13 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Ստանձնեց Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնը

Յուլիս 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիան վերջին 13 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով վեց ամսուան ժամկէտով ստանձնեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը` «Քորոնա» ժահրին առնչուած սահմանափակումներուն պատճառով Եւրոպական Միութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի նախագահութիւնը աշխատանքային երկու ուղղութիւն կը ներառէ. այդ երկրի ներկայացուցիչները կը ղեկավարեն նախարարներու խորհուրդի եւ նախապատրաստական, օժանդակ մարմիններու նիստերը (բացի արտաքին հարցերու խորհուրդի նիստէն), ինչպէս նաեւ կը ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան խորհուրդը յարաբերութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան այլ կառոյցներու (Եւրոպական խորհրդարան եւ Եւրոպական յանձնաժողով) հետ, որոնց հետ միութեան մէջ կը համաձայնեցուին օրէնսդրական հոլովոյթները:

Գերմանիան իբրեւ նախագահութեան կարգախօս ընտրած է «Միասնաբար. Եւրոպան կրկին ուժեղ դարձնենք» արտայայտութիւնը:

Գերմանիոյ նախագահութեան ծրագիրի հիմնական առաջնահերթութիւնները կը բաժնուին 6 կէտերու` Եւրոպայի պատասխանը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, ուժեղ եւ նորարար Եւրոպա, արդար Եւրոպա, կայուն Եւրոպա, անվտանգութեան եւ ընդհանուր արժէքներու Եւրոպա, գործընկերային եւ միջազգային կարգի վրայ հիմնուած գործունեայ Եւրոպական Միութիւն:

 

Նախորդը

«Չունինք Փաստեր, Որոնք Կը Հաստատեն Աֆղանիստանի Մէջ Մեր Ուժերուն Դէմ Ռուսական Գործունէութեան Վերաբերող Պնդումները» Կ՛ըսէ Էսփըր

Յաջորդը

Զունուրի. «Զարիֆ Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Սխալ Ուղիով Ընթացաւ Եւ Նկատի Չառաւ Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Դիտողութիւնները»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?