Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Մօտէն Կը Հետեւի Լիպիոյ Հարցով Գահիրէի Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

July 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարն Ու
Սպայակոյտի Պետը Անակնկալ Կերպով Այցելեցին Լիպիա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Լիպիոյ խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Լիպիոյ մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական համապարփակ երկխօսութեան ձեռնարկման նախաձեռնութիւնը:

«Ռուսիան կը հաստատէ Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծման անխուսափելիութիւնը եւ ոչ թէ` զինուորականը», նշեց ան` աւելցնելով, որ Ռուսիան «մօտէն կը հետեւի Լիպիոյ շուրջ Գահիրէի նախաձեռնութեան, որ միջլիպիական երկխօսութեան հիմք կրնայ ստեղծել»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ «Սուրիան պէտք է վերադառնայ արաբական ընտանիք, իսկ արաբական ներկայացուցչութիւնը վերադառնայ Դամասկոս»` աւելցնելով, որ Ռուսիան որոշած է վերսկսիլ Լիպիոյ մէջ ռուսական դեսպանատան աշխատանքը, սակայն սկզբունքով անիկա Թունուզէն պիտի գործէ:

Լիպիոյ խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհ իր կարգին յայտնեց, որ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը կ՛ոտնահարէ 2015-ի համաձայնութիւնները, ինչ որ երկրին մէջ թշնամական արարքներ կը հրահրէ:

Սալեհ ողջունեց Լիպիոյ տագնապի լուծման ռուսական միջնորդութիւնը: «Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ազդու բոլոր կողմերուն, ինչպէս նաեւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին նկատմամբ ռուսական դիւանագիտութեան բաց քաղաքականութիւնը ձեր երկիրը կը վերածէ միջազգային տագնապներու լուծման ընդունելի եւ ազդու միջնորդի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Մենք ատոր համոզուած ենք` լիպիական տագնապը լուծելու ձեր ջանքերը դիտելով»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարն ու թրքական բանակի սպայակոյտի պետը անակնկալ  այցելութիւն տուին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ իր երկիրը նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցուցմունքներուն հիմամբ անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընէ «մեր լիպիացի եղբայրներուն համար»:

 

Նախորդը

«Ս. Սոֆիա Տաճարը Պէտք Է Բաց Ըլլայ Բոլորին Համար» Կ՛ըսէ Փարիզ

Յաջորդը

Թուրքիա Ֆրանսայէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.