Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Եւ Անոր Բանակը Պիտի Ձեռնարկեն Բոլոր Քայլերուն` Ազրպէյճանը Պաշտպանելու Համար» Կ՛ըսէ Աքար

July 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան. «Անգարան Չի Կրնար Ազրպէյճանը
Առանձին Ձգել Հայկական Յարձակումին Դիմակայման Մէջ»

 

Հայաստան պատասխան պիտի տայ Ազրպէյճանի դէմ իւրաքանչիւր սադրանքի եւ յարձակումի համար: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար` հիգշաբթի օր Անգարա մեկնած Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, օդուժի հրամանատար դերզօրավար Ռամիզ Թահիրովի գլխաւորած ազրպէյճանական պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին:

Հանդիպումին մասնակցած են Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Եաշար Կիւլեր, ցամաքային ուժերու հրամանատար Ումիթ Տիւտար, օդուժի հրամանատար Հասան Քիւչիւքաքիւզ եւ ծովուժի հրամանատար Ատնան Էօզպալը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը խոստացած է, որ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն պիտի ձեռնարկուին, իսկ սպաննուած ազրպէյճանցիներուն մահը անպատասխան պիտի չմնայ:

Յիշեցնենք, որ Տաւուշի շրջանին մէջ սեփական սադրանքներէն ետք կրած ծանր կորուստներուն լոյսին տակ ազրպէյճանցի բարձրաստիճան զինուորականը շտապեց Թուրքիա:

Ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը Աքարի հետ հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահական պալատին կից Ռազմական արդիւնաբերութեան բաժանմունքի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրի հետ:

Վերջինս հանդիպումէն ետք իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է.«Մեր զինուորական արդիւնաբերութիւնը` անօդաչու թռչող սարքերէն մինչեւ սպառազինութիւն, հրթիռներ, ելեկտրոնային ռազմական համակարգեր, ամբողջ փորձառութիւնը, ճարտարագիտութիւնները եւ կարելիութիւնները մշտապէս Ազրպէյճանի տրամադրութեան տակ է», կը գրէ թուրք գործիչը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին երէկ լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ շարունակուող լարուածութեան վերաբերեալ հարցումի մը ըսաւ.«Հայաստանը, ի հարկէ, բռնագրաւող է: Գիտէք, որ Հայաստանի բռնագրաւումը տարիներու, տասնեակ տարիներու պատմութիւն ունի: Նախիջեւանը (ճիշդ այդպէս, «Ա.») բռնագրաւուած է եւ Մինսքի եռեակը արդէն 25-30 տարի է` այս հարցը ձգած է չլուծուած, չէ կրցած լուծել: Ի հարկէ, յստակ էր, որ հանգամանքները ճիշդ այսպիսի զարգացում պիտի ունենային», նշեց Թուրքիոյ նախագահը:

«Անգարան չի կրնար Ազրպէյճանը առանձին ձգել հայկական յարձակումին դիմակայման մէջ», յայտարարեց Էրտողան` աւելցնելով.«Այս ընթացքին ես կը խօսիմ պարոն Ալիեւի հետ, եւ երէկ Ազրպէյճանէն պատուիրակութիւն մը ուղարկած էին: Պատուիրակութիւնը եւ մեր պաշտպանութեան նախարարն ու հրամանատարները համապարփակ քննարկումներ կատարած են: Ես ալ իրենց հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ: Ինչպէս եղած է Կովկասի պայքարին մէջ, այսօր ալ Ազրպէյճանի ու մեր ազրպէյճանցի եղբայրներուն կողքին ենք ու պիտի շարունակենք անոնց կողքին ըլլալ»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Չորս Խմբակցութիւններ Միացեալ Հակահայկական Յայտարարութիւն Հրապարակելով Աջակցութիւն Յայտնած Են Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Իրան Դարձեալ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.