Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ուղղած է` երկխօսութեան միջոցով հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու խաղաղ լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Մտահոգութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն Կովկասի շրջանին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինեալ լարուածութեան սրման», յայտարարած է Հռոմի եպիսկոպոսապետը` աւանդական կիրակնօրեայ քարոզին ընթացքին դիմելով Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն:
Պապը խոստացած է աղօթել տեղի ունեցած բախումներուն իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն ընտանիքներուն համար եւ յոյս յայտնած, որ, միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ, կողմերու երկխօսութեան եւ բարի կամքի միջոցով կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ երկարատեւ խաղաղ լուծման` ի բարօրութիւն այդ ժողովուրդներու:



