Ռուսիոյ նախագահ, երկրի զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Վլատիմիր Փութին յանձնարարած է բանակի անակնկալ ստուգում կատարել: «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու:
Ստուգումը կը վերաբերի Հարաւային եւ Արեւմտեան զինուորական շրջաններուն, անկարգելաւորներուն, Հիւսիսային եւ Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմիղներու ծովային հետեւակին:
Շոյկու մանրամասնած է, որ ստուգման ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան 56 մարտավարական ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին շուրջ 150 հազար զինուորներ, աւելի քան 26 հազար սպառազինութիւն, 414 թռչող սարքեր, 106 նաւեր:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ստուգումը կը կատարուի բանակի պատրաստութեան մակարդակի գնահատման, ինչպէս նաեւ զօրամասերուն ու միաւորներուն «Կովկաս-2020» ռազմափորձերուն մասնակցելու արտօնութիւն տալու համար:



