Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի միջադէպերը գրաւած են Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) համապատասխան յանձնախումբերու ուշադրութիւնը: Այս մասին ըսած է ԵԽԽՎ-ի նախագահ Ռիք Տեմս` պատասխանելով Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նամակին:
Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է 14 յուլիսին Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի կողմէ ուղարկուած նամակին համար, որուն մէջ Մարուքեան Ռիք Տեմսը տեղեկացուցած էր վերջերս տեղի ունեցած լուրջ միջադէպերու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին վրայ զինադուլի դրութեան խախտման մասին:
«Այս հարցը նոյնպէս Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի համապատասխան յանձնախումբերու ուշադրութեան կեդրոնն է, եւ ես վստահ եմ, որ անոնք կը հետեւին իրավիճակին: Ես շահագրգիռ կողմերը կը յորդորեմ զերծ մնալ գործողութիւններէ, որոնք կրնան հրահրել եւ սրել լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը խրախուսեմ զանոնք շարունակելու աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ` գտնելու հակամարտութեան խաղաղ լուծումներ եւ ապահովելու քաղաքային անձերու անվտանգութիւնը», ըսած է ԵԽԽՎ-ի նախագահը:



