Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Մէջ Ազրպէյճանցիները Յարձակած Են Հայաստանի Դեսպանատան Վրայ

Յուլիս 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոնտոնի Քենիկսթըն շրջանին մէջ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան վրայ յարձակած են ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները: Այս մասին «Երկիր»-ին յայտնած է Լոնտոնի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Անեթ Մոսկոֆեան:

Ան յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը չէ կրցած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել, եւ ազրպէյճանցիներուն դիմակայելու ստիպուած եղած են հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Ազրպէյճանցի ցուցարարները հաւաքուած են Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ: Նախ` ոստիկաններուն թիւը շատ քիչ եղած է, եւ ազրպէյճանցիները յարձակողական պահուածք դրսեւորած են հայերուն նկատմամբ, փորձած են ծեծկռտուք սադրել:

«Որովհետեւ Ազրպէյճան մեծ գումարներ կը յատկացնէ այդ նպատակին համար, Բրիտանիոյ մէջ ազրպէյճանական լոպին բաւական ուժեղ է: Բաւական մեծ թիւով ուսանող երիտասարդներ եւ ընտանիքներ ունին: Անոնք կ՛ուզեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանային սրացումը ներկայացնել իբրեւ Հայաստանի կողմէ յարձակողական արարք եւ ամէն կերպով կը հետեւին այդ գիծին: Այս պատճառով անոնք ցոյց կազմակերպեցին: Անոնք ձախողութեան մատնեցին Բրիտանիոյ համայնքներու պալատին մէջ այս նիւթով քննարկում կազմակերպելը, որովհետեւ առաջարկը 650 երեսփոխաններէն ընդամէնը 4-ը ստորագրած էր», ըսաւ ան:

Անեթ Մոսկոֆեան նշեց, որ ցոյցը մէկ ժամ նախատեսուած էր: Երբ սկսաւ, ազրպէյճանցիները մայթին միւս կողմն էին, հայ համայնքի ներկայացուցիչները` դեսպանատան կողմը: «Սկիզբը միայն կը բղաւէին, շատ անշնորհք ու բիրտ կը վարուէին` մեզի վատ խօսքեր ուղղելով, եւ կը գրգռէին: Սկիզբը ոստիկաններուն թիւը շատ քիչ էր, ազրպէյճանցիները յարձակեցան մեր տղոց վրայ, քանի մը ծեծկռտուք եղաւ: Ես մօտեցայ ոստիկանի մը, ըսի` ասոնք ծայրայեղականներ են, ձեր պարտականութիւնն է, կը խնդրեմ պաշտպանեցէ՛ք մեզի` ոստիկաններու լրացուցիչ ուժեր ուղարկեցէք: Այդպէս ալ եղաւ», ըսաւ Անեթ Մոսկոֆեան:

Նախորդը

«Քանատան Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուժի Կիրարկման Չդիմելու Եւ Զինադուլը Յարգելու» Կ՛ըսէ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Փութին Յանձնարարած Է Հարաւային Զինուորական Շրջանին Մէջ Բանակի Անակնկալ Ստուգում Կատարել

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?