Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Սեւամորթ Մը` Փոխնախագահի Պաշտօնի Թեկնածու

Օգոստոս 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Քալիֆորնիայէն ծերակուտական Քամալա Հարիսը ընտրեց իբրեւ փոխնախագահի պաշտօնի իր թեկնածուն: Այսպիսով, Հարիս դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին սեւամորթ եւ հարաւային ասիացի թեկնածուն:

Յայտարարութենէն ետք Հարիս «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, թէ Պայտըն «կրնայ միացնել ամերիկացի ժողովուրդը, որովհետեւ իր կեանքը վատնած է մեզի համար պայքարելով: Եւ իբրեւ նախագահ, ան պիտի կառուցէ Ամերիկա մը, որ մեր տեսլականներուն համահունչ է: Պատիւը ունիմ իրեն միանալու` իբրեւ մեր կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուն, եւ կարելիս ընելու զինք մեր գերագոյն հրամանատարը դարձնելու»:

Պայտըն մարտին խոստացած էր կին մը ընտրել իբրեւ փոխնախագահի թեկնածու, եւ ոստիկանութեան սեւամորթներու նկատմամբ բռնութեան դէմ բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ վերջերս բազմաթիւ կոչեր կը ստանար սեւամորթ մը ընտրելու:

Թրամփ մեկնաբանելով լուրը յայտնեց, թէ մեծապէս անակնկալի եկած է Պայտընի ընտրանքով, որովհետեւ Հարիս Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու դառնալու իր ջանքին մէջ «շատ, շատ վատ» արդիւնք ձեռք բերաւ: «Ան բանավէճերու ընթացքին չէր յարգեր նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընը, եւ շատ դժուար է ընտրել անձ մը, որ քեզի նկատմամբ յարգանք չունի», ըսաւ ան:

Ծագումով ափրիկեցի ամերիկացի գործիչներ Պայտընի կողմէ Հարիսի` փոխնախագահի թեկնածու ընտրութիւնը մեկնաբանելով յայտնեցին, թէ ան այդպիսով ցոյց տուած է, թէ կը յարգէ սեւամորթ քուէարկողներուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, սակայն զգուշացուցին, որ ատիկա անոր յաղթանակի ապահովման համար աջակցութիւն չ՛երաշխաւորեր:

55-ամեայ Հարիսի մայրը հնդիկ է, իսկ հայրը` ժամայքացի: Ան առաջին սեւամորթն է, որ վարած է Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազի պաշտօնը: Ան 2017-ին Քալիֆորնիայէն ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ:

Նշենք, որ Հարիս 12 դեկտեմբեր 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին համահեղինակներէն է:

«Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ ժամանակներէն մէկը հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութիւնը պատշաճ ձեւով ճանչնալու համար մշտապէս պիտի ըլլամ հայ համայնքի կողքին», գրած էր Հարիս, որ բազմիցս անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:

 

Նախորդը

Իրաք Չեղեալ Յայտարարած Է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարի Այցելութիւնը` Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքի Յարձակումին Պատճառով

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Վերակառուցման Մասնակցելու» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?