Միջազգային

Ըստ Իրնա-ի.  Իրանի Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցներու Ջնջման Շուրջ Համաձայնութեան Կը Սպասուի

Ըստ Իրնա-ի. Իրանի Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցներու Ջնջման Շուրջ Համաձայնութեան Կը Սպասուի

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ Գերմանիան Բրիտանիոյ աջակցութեամբ Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է ժամանակաւորապէս ջնջել իրենց պատժամիջոցները, որոնց տնտեսական ազդեցութեան մեծամասնութիւնը կը կրէ իրանցի ժողովուրդը: Գերմանիոյ առաջարկը կը ներառէ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններու ճամբան հարթել: Կը նախատեսուի, որ Ուաշինկթըն այս հարցը սերտելով իր պատասխանը տայ 10 օրէն:

«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Անկեղծ Ջանք Չեն Թափեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծման Համար» Կը Յայտարարէ Չաւուշօղլու

«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Անկեղծ Ջանք Չեն Թափեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծման Համար» Կը Յայտարարէ Չաւուշօղլու

Ազրպէյճանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան  ազրպէյճանական ծառայութիւնը` յղում կատարելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան: «Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են Պայրամովի հանդիպումները Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ», կը հաղորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ասիկա Պայրամովի` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է: Յիշեցնենք, որ...

«Տագնապին Մակարդակը Աճած Է Շատ Առումներով. Ատիկա Կորուստ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Պոլթըն

«Տագնապին Մակարդակը Աճած Է Շատ Առումներով. Ատիկա Կորուստ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահին ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն «Արմնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին բացատրած է, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, երբ Հայաստան այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հիանալի դիրքի վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վճռական որոշում տալու համար: «Ես ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ ապրելու փաստը կ՛արձանագրէի, երբ երկրի նոր ղեկավարը պաշտօն կը ստանձնէ: Ատիկա ժամանակահատուած է` տեսնելու,...

Փութին. «Ռուսիան Արձանագրած Է «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Աշխարհի Առաջին Պատուաստանիւթը»

Փութին. «Ռուսիան Արձանագրած Է «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Աշխարհի Առաջին Պատուաստանիւթը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կառավարութեան անդամներուն հետ խորհրդակցական նիստի բացումը կատարելով յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ առաջին պատուաստանիւթի արձանագրման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Որքան գիտեմ` այսօր առաւօտեան աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրին դէմ առաջին պատուաստանիւթը արձանագրուած է», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը եւ առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյէն խնդրած ատոր վերաբերեալ մանրամասնութիւններ յայտնել: «Ես գիտեմ, որ անիկա...

Նեթանիահու. «Թրամփ Ներկայիս Զբաղած Է, Եւ Այսրյորդանանի` Իսրայէլի Կցման Ծրագիրը Ներկայիս Իր Առաջնահերթութիւններէն Չէ»

Նեթանիահու. «Թրամփ Ներկայիս Զբաղած Է, Եւ Այսրյորդանանի` Իսրայէլի Կցման Ծրագիրը Ներկայիս Իր Առաջնահերթութիւններէն Չէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատեց Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերը Իսրայէլին կցելու ծրագիրը չգործադրելուն` նշելով. «Սկիզբէն յստակ էր, որ գերիշխանութեան տարածումը պիտի գործադրուի միայն Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեամբ, եւ եթէ այդ չըլլար, զայն շատոնց կատարած կ՛ըլլայինք»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ներկայիս այլ հարցերով զբաղած է, եւ այս հարցը` գերիշխանութեան ծրագիրը, իր գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը չէ», նշեց Նեթանիահու` յոյս...

Փոմփէօ. «Չինաստանի Իրան Մուտք Գործելը Կը Քայքայէ Միջին Արեւելքի Կայունութիւնը»

Փոմփէօ. «Չինաստանի Իրան Մուտք Գործելը Կը Քայքայէ Միջին Արեւելքի Կայունութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Չինաստանի Իրան մուտք գործելը պիտի ապակայունացնէ Միջին Արեւելքը: Իրան կը մնայ ահաբեկչութեան հովանաւոր մեծագոյն պետութիւնը, եւ զէնքերու համակարգերու եւ Չինաստանի համայնավար կուսակցութենէն հոսող դրամի հասանելի դառնալը միայն կը բարդացնէ այդ շրջանին համար այդ վտանգը»: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ կը մեկնաբանէր մամլոյ տեղեկութիւնները, ըստ որոնց,...

«Անընդունելի Է, Որ Ոմանք Կամ Պետութիւններ Աշխատին Քաղաքական Նպատակներու Իրագործման Համար` Պէյրութի Պայթումը Շահագործելով»  Կ՛ըսէ Մուսաւի

«Անընդունելի Է, Որ Ոմանք Կամ Պետութիւններ Աշխատին Քաղաքական Նպատակներու Իրագործման Համար` Պէյրութի Պայթումը Շահագործելով» Կ՛ըսէ Մուսաւի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի շեշտեց.«Պէյրութի պայթումին դէպքը շատ ցաւալի էր, եւ Իրան դէպքին առաջին պահէն կառավարութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին կողքին էր: Արտաքին գործոց նախարարն ու հանրապետութեան նախագահը խօսեցան իրենց պաշտօնակիցներուն հետ, եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հրամայեց շարք մը նախարարներէ բաղկացած խումբ մը կազմել»: Մուսաւի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կարգ մը անձեր արտաքին դրդումով կը...

«Պէյրութի Պայթումը Կրնար Աւելի Ծանր Ըլլալ, Եթէ Այդտեղ Գտնուող Իրանեան Արտադրութեամբ Հրթիռներուն Հասնէր»  Կ՛ըսէ Կանց

«Պէյրութի Պայթումը Կրնար Աւելի Ծանր Ըլլալ, Եթէ Այդտեղ Գտնուող Իրանեան Արտադրութեամբ Հրթիռներուն Հասնէր» Կ՛ըսէ Կանց

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց նշեց. «Պէյրութի պայթումը կրնար աւելի ծանր ըլլալ, եթէ այդտեղ գտնուող իրանեան արտադրութեամբ հրթիռներուն հասնէր»: «Տեսանք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը, եւ կ՛երեւակայենք, եթէ պայթումը հասնէր Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հրթիռներուն: Նոյն տան մէջ հիւրերուս սենեակ կայ եւ այլ սենեակ մըն ալ` հրթիռներուն»: Կանց Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նիստի ընթացքին նշեց. «Իրան կը շարունակէ...

Փայլան` Չաւուշօղլուին.  «Չէ՞ք Ամչնար Բազմազգ Պէյրութի Մէջ Ցեղապաշտութիւն Դրսեւորելէ»

Փայլան` Չաւուշօղլուին. «Չէ՞ք Ամչնար Բազմազգ Պէյրութի Մէջ Ցեղապաշտութիւն Դրսեւորելէ»

Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի խօսքերը ցեղապաշտութիւն որակած է` հարցը արծարծելով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած հզօր պայթումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն այցելած էր Լիբանան, ուր յայտարարած էր. «Լիբանանի այն...

«Պէյրութի Եւ Լիբանանցի Ժողովուրդի Աջակցութեան Խորհրդաժողով»-ը Կը Յայտարարէ.   Միջազգային Ընտանիքն Ու Լիբանանի Ամէնէն Սերտ Բարեկամները Յուսախաբ Պիտի Չընեն Լիբանանցի Ժողովուրդը. Շուրջ 253 Միլիոն Եւրոյի Անմիջական Օժանդակութեան Խոստում

«Պէյրութի Եւ Լիբանանցի Ժողովուրդի Աջակցութեան Խորհրդաժողով»-ը Կը Յայտարարէ. Միջազգային Ընտանիքն Ու Լիբանանի Ամէնէն Սերտ Բարեկամները Յուսախաբ Պիտի Չընեն Լիբանանցի Ժողովուրդը. Շուրջ 253 Միլիոն Եւրոյի Անմիջական Օժանդակութեան Խոստում

Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի յատուկ նուիրատուներու «Պէյրութի եւ լիբանանցի ժողովուրդի աջակցութեան խորհրդաժողով»-ը` կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ին: Փարիզի այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան 36 երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ: Խորհրդաժողովէն ետք նախագահ Մաքրոնի գրասենեակը յայտարարեց, որ Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան համար ստացուած է շուրջ 253 միլիոն եւրոյի (298 միլիոն տոլար) խոստում: Ֆրանսայի նախագահը տեսաժողովի բացման ընթացքին յայտնեց, որ «մեր...

Փենթակոնի Ղեկավարը` Պէյրութի Պայթումին Եւ Անոր Պատճառներուն Մասին

Փենթակոնի Ղեկավարը` Պէյրութի Պայթումին Եւ Անոր Պատճառներուն Մասին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, որ տակաւին չէ յստակացած, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը «դիտաւորեալ յարձակո՞ւմ էր, թէ՞ արկած»: Ան նշեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու համար: Էսփըր «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քանդիչ հարց, մարդոց համար կը ցաւիմ»: «Իրապէս ունինք օդանաւեր, որոնք արդէն պատրաստ են օժանդակութիւնները մատակարարելու, եւ կ՛ուզենք...

«ՏԱՀԵՇ Կը Շարունակէ Թուրքիան Իբրեւ Ռազմակայան Օգտագործել»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

«ՏԱՀԵՇ Կը Շարունակէ Թուրքիան Իբրեւ Ռազմակայան Օգտագործել» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի վերաբերեալ պատրաստած զեկուցումին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիան, փոխանակ ուժեղացնելու ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը, ՏԱՀԵՇ-ի համար գումակային, ելեւմտական եւ սպառազինութեան տարանցիկ երկիր կը հանդիսանայ: Քոնկրեսին ներկայացուելիք 136 էջնոց զեկուցումին մէջ` հիմնուելով Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հրամանատարութեան տուեալներուն վրայ, կը նշուի, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի համար դարձած է ռազմակայան: Զեկուցումին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ ՏԱՀԵՇ-ի գումարներու...

Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ Ծովային Իրաւասութիւններու Սահմանափակման Վերաբերեալ Կնքուած Համաձայնագիրը Չի Կրնար Մեզ Մեր Ուղիէն Շեղել»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ Ծովային Իրաւասութիւններու Սահմանափակման Վերաբերեալ Կնքուած Համաձայնագիրը Չի Կրնար Մեզ Մեր Ուղիէն Շեղել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ կնքուած ծովային իրաւասութիւններու սահմանափակման վերաբերեալ համաձայնագիրին` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ համար այդպիսի համաձայնագիր չի կրնար գործել: «Այդպիսի համաձայնագիրները կը խախտեն մեր ցամաքային տարածքն ու իրաւունքները, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ կնքուած այդպիսի համաձայնագիրը չի կրնար հիմք հանդիսանալ Թուրքիոյ համար, մենք պիտի անտեսենք այդ...

Թրամփ. «Ոչ Ոք Կրնայ Ներկայիս Ըսել, Թէ Պէյրութի Պայթումը Յարձակո՞ւմ Էր, Թէ՞ Ոչ»

Թրամփ. «Ոչ Ոք Կրնայ Ներկայիս Ըսել, Թէ Պէյրութի Պայթումը Յարձակո՞ւմ Էր, Թէ՞ Ոչ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Ներկայիս ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ Պէյրութի մէջ արձանագրուած քանդիչ պայթումը յարձակումի՞ հետեւանք էր, թէ՞ ոչ»: «Չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը հիմա կրնայ վճռել... մենք հարցը ուժեղ կերպով կը քննարկենք... ոմանք կը կարծեն, որ յարձակում էր, ուրիշներ կը հերքեն այդ տեսակէտը... ոմանք կ՛ըսեն, թէ ական էր», աւելցուց ան: «Պայթումը...

Խօսելով Պէյրութի Պայթումին Մասին`  «Շնորհակալութիւն Այս Տօնախմբութիւնը Կազմակերպած Հերոսներուն»  Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Քաղաքական Գործիչը

Խօսելով Պէյրութի Պայթումին Մասին` «Շնորհակալութիւն Այս Տօնախմբութիւնը Կազմակերպած Հերոսներուն» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Քաղաքական Գործիչը

Իսրայէլեան աջակողմեան Զեհութ (Ինքնութիւն) կուսակցութեան նախագահ եւ երկրի խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Մոշէ Ֆեկլին անդրադարձած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բազմաթիւ զոհերու եւ աւերի պատճառ դարձած պայթումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: «Սիրահարներու տօնին պատուին (հրէական օրացոյցին մէջ 4-5 օգոստոսին) Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հրաշալի օդային հրավառութեան ցուցադրութեան ականատես եղանք... տեսած մեծագոյն պայթումս 2,5  թոն թրոթիլային պայթումն էր: Պէյրութինը ատկէ աւելի...

Թուրք Ազգայնական Կուսակցապետը Կը Սպառնայ Հայաստանին. «Եթէ Հայաստանը Շարունակէ Իր Նախայարձակումը, Շուտով Շրջանին Մէջ Ո՛չ Հայաստան Պիտի Ըլլայ, Ո՛չ Ալ Հայկական Զօրք»

Թուրք Ազգայնական Կուսակցապետը Կը Սպառնայ Հայաստանին. «Եթէ Հայաստանը Շարունակէ Իր Նախայարձակումը, Շուտով Շրջանին Մէջ Ո՛չ Հայաստան Պիտի Ըլլայ, Ո՛չ Ալ Հայկական Զօրք»

Թրքական ազգայնական «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճի իր կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերուն եւ սպառնալիքներ հնչեցուցած Հայաստանի հասցէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Տեսթիճի, մասնաւորաբար, նշած է. «Եթէ Հայաստանը շարունակէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ իր նախայարձակումը, շուտով շրջանին մէջ ո՛չ Հայաստան պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ հայկական զօրք»:...

Ճափոն Նշեց Հիրոշիմայի` Հիւլէական  Ռումբով Ռմբակոծման 75-ամեակը

Ճափոն Նշեց Հիրոշիմայի` Հիւլէական Ռումբով Ռմբակոծման 75-ամեակը

Ճափոնական Հիրոշիմա քաղաքին մէջ զանգեր հնչեցին` նշելով քաղաքի հիւլէական ռումբով ռմբակոծման 75-ամեակը, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով սահմանափակ տարողութեամբ յիշատակուեցաւ: Քաղաքին իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, որոշած են ոգեկոչումը կատարել` նկատի ունենալով կարեւորութիւնը 1945 թուականի վերջաւորութեան 140 հազար կեանքեր խլած դէպքին: Հիրոշիմայի կեդրոնը գտնուող խաղաղութեան պուրակ մուտքը սահմանափակուած էր միայն վերապրածներով եւ անոնց հարազատներով:

Խօսելով Պէյրութի Պայթումին Մասին.  «Կարծես Թէ Ատիկա Սարսափելի Յարձակում Էր»  Ըսած Է Թրամփ

Խօսելով Պէյրութի Պայթումին Մասին. «Կարծես Թէ Ատիկա Սարսափելի Յարձակում Էր» Ըսած Է Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ հանդիպում ունեցած է ամերիկացի հրամանատարներու հետ, եւ վերջիններս Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումը կը նկատեն յարձակում: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այո, պայթումի բնոյթէն մեկնելով` ատիկա յարձակումի նման է: Ես հանդիպած եմ մեր քանի մը հրաշալի զօրավարներուն հետ, եւ անոնք, կարծես թէ, ես եւս այդպէս կը մտածենք: Ատիկա...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Պիտի Խստացնեն  Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Պիտի Խստացնեն Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

Ուաշինկթըն մտադիր է խստացնել Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները` այդ երկրին մէջ իշխանութիւնը փոխելու համար, սակայն բազմաթիւ փորձագէտներ կը կասկածին այդ մօտեցումին արդիւնաւէտութեան վրայ: Այս մասին նշուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի պաշտօնատարները վճռական տրամադրուած են նոր սահմանափակումներ մտցնելուն նկատմամբ` հիմնուելով ամերիկեան «Սըիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքին վրայ, որ ընդգրկուած է 2020 թուականի ամերիկեան...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Միջազգային Կեցուածքներ` Պէյրութի Պայթումին Վերաբերեալ

- «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր արաբական խմբակին պահանջով պիտի գումարէ ժողով մը` քննարկելու համար Պէյրութի պայթումին հետեւանքները: - Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց. «Կ՛աղօթենք Պէյրութի պայթումի զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ կ՛աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի անոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բոլոր բաղադրիչ մասերը կարենան դիմակայել այս ողբերգական ու ցաւալի փուլը»: - Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ...

Page 440 of 884 1 … 439 440 441 … 884

Արխիւներ