Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Իսրայէլը Այսօր Խաղաղութեան Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

Օգոստոս 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Այսօր խաղաղութեան պատմական համաձայնութիւն գոյացաւ մեր երկու հոյակապ բարեկամներուն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ»:

«Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը մեծ բեկում մըն է եւ աւելի բարգաւաճ Միջին Արեւելք մը կառուցելու կարեւոր քայլ մը», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Սպիտակ տունը հաղորդեց. «Երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացած է Թրամփի, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին»:

«Համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն դիմաց Այսրյորդանանէն բաժիններու կցման որոշումի առկախումը», աւելցուց Սպիտակ տունը:

Թրամփ աւելի ուշ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւնը պատմական պահ մըն է, եւ Միջին Արեւելքի խնդիրները կը լուծուին, երբ կրօններու տէրերը կը միանան ընդդէմ ծայրայեղականութեան»:

«Իսրայէլ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պաշտօնապէս պիտի բնականոնացնեն յարաբերութիւնները, մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք երկու երկիրներու քաջարի ղեկավարութեան համար, եւ էմիրաթական-իսրայէլեան համաձայնութիւնը պիտի նուազեցնէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը», նշեց Թրամփ` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը պիտի ճանչցուի «Աբրահամի համաձայնութիւնը» անունով:

Մոհամետ պըն Զայետ իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այսօր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերու կցման դադրեցման»` նշելով, որ Իսրայէլ համաձայնած է «երկկողմանի գործակցութեան ուղղութեամբ` հասնելով երկկողմանի յարաբերութիւններու ճամբու քարտէս պատրաստելու»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քարքաշ նշեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները քաջարի որոշումի ծիրին մէջ ջանքեր գործադրեցին դադրեցնելու կցման հոլովոյթը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միշտ շեշտած են հաղորդակցութեան կամուրջները բաց պահելու` ծառայելու համար պաղեստինեան դատին, եւ իրենց յարաբերութիւնները կը ներդրեն գետնի վրայ Պաղեստինեան դատին շօշափելի լուծում մը գտնելու համար»:

Քարքաշ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Պաղեստինեան դատի լուծման հաղորդակցութեան կապերու գոյութիւնը աւելի մեծ երաշխաւորութիւն է, քան հաղորդակցութեան չգոյութիւնը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը վնասազերծելն է լարուած ական մը, որ կը սպառնար երկու պետութիւններ լուծումին»:

«Մեր քաղաքական կեցուածքը կը մնայ արաբական եւ միջազգային միաձայնութեան ծիրին մէջ», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի գոյացուցած` յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձանութիւնը  ճիշդ ուղղութեամբ հսկայական քայլ է»:

«Համաձայնութիւնը, որուն համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ միջնորդութիւն կատարեց, կը միտի Միջին Արեւելքի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական  յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման», ըսաւ ան:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց. «Մեծ հետաքրքրութեամբ ու գնահատանքով հետեւեցայ Միացեալ Նահանգներու, եղբայրական Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի` պաղեստինեան հողերու կցումը դադրեցնելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման նպաստող քայլերու որդեգրման վերաբերեալ եռակողմ միացեալ հաղորդագրութեան»: Ան գնահատեց «մեր շրջանին մէջ բարգաւաճման եւ կայունութեան իրականացման համար այս համաձայնութեան» գոյացման համար ջանքերը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նշեց, որ կ՛ողջունէ «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման որեւէ նախաձեռնութիւն»` ողջունելով էմիրաթական-իսրայէլեան համաձայնութիւնը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումը մերժելի է եւ դաւաճանութիւն` Երուսաղէմին:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն 1. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Յաջորդը

Մաքրոն. «Ֆրանսան Ժամանակաւորապէս Պիտի Ամրապնդէ Միջերկրականի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?