Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Պատրաստ Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Վերակառուցման Մասնակցելու» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Օգոստոս 13, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ իրանեան կառավարութեան նիստին ընթացքին անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յայտնեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը մեծ կորուստներ կրեց Պէյրութի պայթումի դէպքէն ետք, որ բազմաթիւ մարդկային կորուստներ` զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց, ինչպէս նաեւ կառավարութեան վնասներ պատճառեց»:

«Իրանի կարծիքով` այժմ պահը անյարմար է Լիբանանի պայթումի դէպքը շահագործելու, եւ այն, ինչ որ այսօր Լիբանանը պէտք ունի, օգնութիւնն է, եւ բոլորը պէտք է անոր օժանդակութիւն տրամադրեն», ըսաւ Ռուհանի:

«Իրան առաջին օրէն տարբեր օժանդակութիւններ տրամադրեց եւ կը շարունակէ զանոնք ուղարկել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահին հեռաձայնով ըսինք, թէ Իրան պատրաստ է Լիբանանին տրամադրելու այն, ինչ որ կը խնդրէ, եւ մասնակցելու Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման», աւելցուց Իրանի նախագահը:

Ռուհանի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց` օգնելու Լիբանանին, «որ միասնականութեան, կայունութեան ու օժանդակութեան կը կարօտի, եւ մենք վստահ ենք, որ լիբանանցի ժողովուրդը պիտի շրջանցէ դժուար կացութիւնը, զոր այսօր կը դիմագրաւէ»:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ իր կարգին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Լիբանանի վրայ իրենց հաստատած արգելքները կիրարկել` հակառակ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի դէպքին, որ ամբողջ աշխարհին ցաւ եւ ցնցում պատճառեց:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Սեւամորթ Մը` Փոխնախագահի Պաշտօնի Թեկնածու

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Հորատման Հարցին Մէջ Փոխզիջում Պիտի Չկատարէ»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?