Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիան Կրնայ Իսրայէլի Հետ Իր Յարաբերութիւնները Բնականոնացնող Երկրորդ Երկիրը Ըլլալ Կը Գրէ «Ետիոթ Ահրոնոթ»

August 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ռապըրթ Պրայըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «վստահ է», որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ետք, շարք մը այլ երկիրներ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն պիտի կնքեն:

Օ՛Պրայըն ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրագոյն ղեկավարի տեղակալ Մոհամետ պըն Զայետի «քաջութիւնը»:

Ան շեշտեց, որ Թրամփի վարչակազմը միջին արեւելեան շարք մը պետութիւններու հետ կը բանակցի նոյնպիսի «խաղաղութեան համաձայնութիւն» գոյացնելու համար:

«Շրջանին մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար աշխուժութիւն կայ», նշեց Օ՛Պրայըն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շրջանին մէջ այլ ղեկավարներու հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Իսրայէլ համաձայնութեան միանալու շուրջ բանակցութիւններ աւարտած են:

«Կը յուսանք այս աշխուժութեան վրայ հիմնուիլ», աւելցուց ան` նոյն ատեն նշելով, որ չի կրնար ժամանակացոյց մը ճշդել:

Մինչ այդ, իսրայէլեան բարձրաստիճան աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց. «Իսրայէլեան մեծագոյն ծրագիրը Ծոցի պետութիւններուն մէջ կարեւորագոյնին` Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման հասնիլն է»:

Մոսատի ղեկավար Եոսի Քոհեն կիրակի օր այցելեց Ապու Տապի` երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան վերջին ճշգրտումները կատարելու համար, եւ յայտնեց, որ արաբական այլ երկիրներ եւս կ՛ուղղուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օրինակին հետեւելու: «Իսրայէլ եւ Սուտան թերեւս տարուան աւարտէն առաջ խաղաղութեան համաձայնութիւն կը կնքեն», ըսաւ ան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ իր կարգին յայտնեց. «Իրանի դէմ թափած մեր ջանքերը մեզի մօտեցուցին արաբական երկիրներ, որոնք սկսան Իսրայէլը նկատել կենսական դաշնակից մը»:

Նեթանիահու նաեւ «Պեն Կորիոն» օդակայանէն յայտարարեց. «Կը պատրաստուինք սէուտական օդային տարածքին միջոցով դէպի Ապու Տապի ուղղակի թռիչքներ հաստատելու»:

Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին իր կարգին Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետը հրաւիրեց Երուսաղէմ այցելելու:

Նախորդը

«Էմիրաթական-Իսրայէլեան Խաղաղութեան Համաձայնութիւնը Գերիշխանական Որոշում Է Եւ Իրանի Դէմ Ուղղուած Չէ Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Յաջորդը

Լուիս Սուարեզ Կրնայ Վերստին Միանալ Այաքս Ամսթերտամի

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.