Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Մէկ Տարիով Երկարաձգեցին Իրենց Քաղաքացիներու` Հիւսիսային Քորէա Այցելութիւններու Արգելքը

September 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ մէկ տարիով երկարաձգած են իրենց քաղաքացիներու, Հիւսիսային Քորէա ուղեւորութիւններու արգելքը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան:

Նախարարութիւնը այս որոշումը բացատրած է ամերիկացիներու անվտանգութեան համար սպառնալիքով` կալանաւորման եւ կալանքի տակ երկարատեւ մնալու մեծ վտանգով: Որոշումը ուժի մէջ մտած է 1 սեպտեմբեր 2020 թուականին եւ պիտի գործէ մինչեւ 31 օգոստոս 2021: Արգելքը կրնայ ջնջուիլ կամ երկարաձգուիլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին որոշումով:

Առանց արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ արտօնութեան ամերիկեան անձնագիրով Հիւսիսային Քորէա մուտք գործելու սահմանափակումը առաջին անգամ որդեգրուած է սեպտեմբեր 2017-ին, այդ ժամանակէն ի վեր ատոր գործողութիւնը ամէն տարի երկարաձգուած է:

Սահմանափակումը մտցուած է այն բանէն ետք, երբ Հիւսիսային Քորէայի Գերագոյն դատարանը ամերիկացի ուսանող Օթթօ Վոպիերը դատապարտած է 15 տարի բանտարկութեան: Ան 2017 թուականին Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւններուն կողմէ ազատ արձակուած է «մարդասիրական նկատառումներով» եւ Միացեալ Նահանգներու արտայանձնուած ծանր վիճակի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր մօտ ախտորոշած են ուղեղի հատուածներու ախտահարում եւ ատոր հիւսուածքներու` գործնականին մէջ անդառնալի մահ: Վոպիեր շուտով մահացած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուսանողին մահուան առնչութեամբ յայտարարած է, որ տեղի ունեցածին համար պատասխանատուութիւն կը կրեն Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները: Տանըլտ Թրամփ ընդգծած է, որ իր վարչակազմը մտադիր է կանխարգիլել նման կարգի նոր միջադէպերը:

Նախորդը

Խմբագրական. Հետեւողականութեամբ Վաստակուած Հեղինակութիւն

Յաջորդը

Սի Ծինփին Փութինին Խոստացած Է Պաշտպանել Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Արդիւնքները

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.