Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չինաստանը Միացեալ Նահանգներու Համար Աւելի Վտանգաւոր Է, Քան Ռուսիան» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

September 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այն կարծիքին է, որ Չինաստանը Միացեալ Նահանգներու համար աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնէ, քան Ռուսիան: Փոմփէօ այդ կարծիքը յայտնած է «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ր երկիրը առաւել վտանգաւոր է Միացեալ Նահանգներու համար` Չինաստա՞նը, թէ՞ Ռուսիան, ան ըսած է. «Արտասահմանեան տէրութիւններէն Միացեալ Նահանգներու համար ամէնէն լուրջ սպառնալիքը կու գայ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութենէն: Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը կը հզօրացնէ իր զինեալ ուժերը, անիկա Միացեալ Նահանգներ ներթափանցած է, այնպէս ինչպէս ատիկա չէ ըրած Ռուսիան»:

Փոմփէոյի համաձայն, Չինաստանի պատճառով Միացեալ Նահանգներու մէջ «տասնեակ հազարաւոր աշխատատեղիներ ոչնչացուած են»: «Անոնք անընդունելի գործողութիւններ են: Նախագահ Թրամփ պիտի չարտօնէ, որ ատիկա շարունակուի», մանրամասնած է ան:

Յիշեցնենք, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Ուիլիըմ Պարր յայտարարած էր` Չինաստանը Ռուսիայէն աւելի գործօն է` ամերիկեան ընտրութիւններուն վրայ ազդեցութեան առումով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երեք պետութիւններէն` Ռուսիայէն, Չինաստանէն կամ Իրանէն, ո՛ր մէկը աւելի յամառօրէն կը փորձէ միջամտել Միացեալ Նահանգներու ընտրական հոլովոյթներուն, ան բացատրած էր. «Ես այն կարծիքին եմ, որ Չինաստանն է: Ես այդ եզրակացութեան եկած եմ, որովհետեւ տեսած եմ հետախուզական տուեալները»:

Ան նաեւ բացատրած էր, որ խօսքը «Միացեալ Նահանգներու վրայ ազդելու» ենթադրեալ փորձերու մասին է:

Նախորդը

Նոպելեան Մրցանակի 80-է Աւելի Դափնեկիրներ Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրապայքարին Մէջ Պաշտպանած Են Պայտընը

Յաջորդը

Պայտըն Քննադատած Է Թրամփը Նաւալնիի Հարցով Յայտարարութիւն Չկատարելուն Եւ Փութինը «Չդիմակայելուն» Համար

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.