Թուրքիան Ռուսիոյ կոչ ուղղած է հրաժարելու քայլերէ, որոնք կրնան ծառայել սուրիական այն կառոյցներու շահերուն, որոնք առնչուած են Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու, որոնց գլխաւոր կորիզը կը կազմեն ՔԱԿ-ի անդամները, պատուիրակութեան Ռուսիա այցելութեան եւ ռուս պաշտօնատար անձերուն հետ բանակցութիւններ վարելու առիթով:
«Ռուսիան պէտք է խուսափի այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը հակասեն Ասթանայի ձեւաչափի ոգիին եւ պարտաւորութիւններուն», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ ՔԱԿ-ի սուրիական թեւը կը սպառնայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ այս հարցին մէջ թրքական կողմին դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի ռուսական կողմին` արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ, որ կը գտնուի Մոսկուա:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը մեկնած է Ռուսիա` Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցերով քննարկումներ կատարելու համար:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, «նախարարութիւններու միացեալ պատուիրակութիւն մը 31 օգոստոսէն 1 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Մոսկուա` քննարկելու համար շրջանին, մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը»:
Թրքական օրաթերթեր հաղորդեցին, թէ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ պաշտպանութեան նախարարութենէն ու թրքական գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն ներկայացուցիչներ: