Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2 սեպտեմբերին ընդունած է երկրին մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսը: Հանդիպումի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ձեւաւորուած զինուորական համագործակցութեան հարցով: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Երկրորդ հարցը, որ կ՛ուզեմ ձեզի հետ զրոյցի ընթացքին արծարծել եւ կ՛ուզեմ, որ դուք ատիկա ուղղակի ինձմէ, այլ ոչ թէ այլ աղբիւրներէ լսէք, մեր մտահոգութիւնն է Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ձեւաւորուած եռակողմ զինուորական համագործակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Նոր նշանակուած դեսպանին հետ զրոյցի ընթացքին Ալիեւ ներկայացուցած է ազրպէյճանական այն պնդումները, թէ Հայաստան «բռնագրաւած է Ազրպէյճանի հողերը, ցեղասպանութիւն գործած է Խոջալուի մէջ եւ բազմաթիւ ազրպէյճանցիներ վտարած է իրենց տուներէն»: