Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Մաքրոնին` «Անոնք, Որոնք Կը Կարծեն, Թէ Կրնան Կարմիր Գիծեր Սահմանել Միջերկրական Ծովուն Արեւելքը, Պիտի Բախին Մեր Երկրի Վճռական Դիրքորոշումին» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Սեպտեմբեր 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ պատասխանած է Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ դէմ «կարմիր գիծերու քաղաքականութեան» սկսելու մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը գրէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան կարմիր գիծեր սահմանել արդար գործի դէմ, պիտի բախին մեր երկրի վճռական դիրքորոշումին: Շրջանին մէջ կարմիր գիծեր սահմանելը կրնայ բխիլ միայն Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի թուրքերու միջազգային իրաւունքներէն: Անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն խոշորացնող հայելիի մէջ, ժամանակն է նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն: Քարտէսի վրայ գիծեր գծելով` կայսերական պայմանաւորուածութիւններու իրականացման դարաշրջանը անցեալին մէջ է», յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Աքսոյ ընդգծած է, որ Միջերկրական ծովուն մէջ բոլոր տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին «շրջանի երկիրներու ընդհանուր համաձայնութեամբ եւ երկխօսութեամբ»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն քանի մը օր առաջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն դէմ «կարմիր գիծերու քաղաքականութեան» սկսելու մասին:

Աքսոյ նաեւ անդրադարձած է այն հարցին, թէ Յունաստան զինուորական ներուժ կը տեղափոխէ Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Քասթելորիզօ կղզի:

Աքսոյ ընդգծած է, որ եթէ մամուլին մէջ տարածուած տեղեկութիւնները ճիշդ են, ապա ատիկա «անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Յունաստանի մէջ օրէնքը կը բացակայի, ինչպէս նաեւ կը ցուցադրէ Յունաստանի իսկական նպատակները Միջերկրական ծովուն մէջ»:

«Մեր ափը կղզիին դէմ դիմաց է, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ այդպիսի սադրանքները հասնին իրենց նպատակին: Այդպիսի սադրանքը ոչ մէկ օգուտ պիտի տայ Յունաստանին: Թուրքիան վճռականութեամբ լի պիտի պաշտպանէ միջազգային իրաւունքէն բխող իր բոլոր շահերը», ընդգծած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Քասթելորիզօ կղզին 1947 թուականին` Փարիզի խաղաղութեան համաձայնագիրին հիմամբ ապառազմականացուած է:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Յունաստանի եւ Ֆրանսայի պատասխանատուները նկատեց «ագահ եւ անատակ»:

Էրտողան Անգարայի մէջ սպաներու վկայականներու յանձնման ընթացքին հարց տուաւ. «Յոյն ժողովուրդը կ՛ընդունի՞ այդ ագահ եւ անատակ պատասխանատուներուն պատճառով իր դիմագրաւելիքը: Ֆրանսացի ժողովուրդը գիտէ՞ այն գինը, որ պիտի վճարէ այդպիսի ագահ եւ անատակ պատասխանատուներու պատճառով»:

Նախորդը

«Այսրյորդանանէն Շրջաններու Իսրայէլի Կցման Հոլովոյթը Առկախուեցաւ» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Խորհրդականը

Յաջորդը

Խամենէի. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Դաւաճանեցին Իսլամական Աշխարհին, Արաբ Ժողովուրդներուն, Շրջանի Պետութիւններուն Եւ Պաղեստինեան Դատին

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?