Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիան Կը Դատապարտէ Քաղաքային Բնակավայրերու Թիրախաւորումը

October 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիան կը դատապարտէ ազրպէյճանական-արցախեան տագնապի  գօտիին մէջ ծայր առած պատերազմին ընթացքին քաղաքացիական բնակավայրերու թիրախաւորումը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ըսած է Բրիտանիոյ պատուիրակութեան փոխղեկավար Նիքոլայ Միւրէյ:

«Բրիտանիան ողջունած է կրակոցի դադրեցման վերաբերող յայտարարութիւնը, բայց մենք տագնապով կը տեսնենք, որ ատիկա չի յարգուիր: Մենք կը դատապարտենք քաղաքացիական բնակավայրերու վրայ  շարունակուող գնդակոծութիւնները եւ անհանգստացած ենք քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ արձանագրուող զոհերուն մասին հաղորդումներով: Մենք մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներուն ընտանիքներուն, որոնք կորսնցուցած են իրենց սիրելիները: Մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ վատթարանալ, եւ մենք յատկապէս մտահոգ ենք երեխաներուն համար», նշած է Միւրէյ:

Ան չափազանց կարեւոր համարած է, որ հակամարտութեան կողմերը անյապաղ դադրեցնեն բռնութիւնը, կատարեն 10 հոկտեմբերի համաձայնութիւնը եւ վերադառնան առարկայական բանակցութիւններուն` Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիի տակ:

«Բրիտանիան կոչ կ՛ուղղէ երկու պետութիւններու բոլոր բարեկամներուն` կրկնապատկելու իրենց ջանքերը զինուորական գործողութիւններու դադրեցման աջակցելու ուղղութեամբ եւ ձեռնպահ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան ճգնաժամի հետագայ սրման պատճառ ըլլալ: Ինչպէս արդէն յայտարարած ենք, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  համապարփակ լուծումը շատոնց հասունցած է: Ատոր կարելի է հասնիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով, ոչ թէ` զինուորական գործողութիւններու: Բոլոր կողմերը պէտք է շտապ կերպով վերադառնան բանակցութիւններու սեղան եւ աշխատին առանց նախապայմաններու այդ նպատակին հասնելու ուղղութեամբ», ըսած է Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը:

Միւրէյ աւելցուցած է, որ Բրիտանիա կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ անոնց միջնորդական դերակատարութեան գծով:

«Մենք լիովին կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ անոնց երկիրներու ներկայացուցիչներուն վերջերս կատարած միացեալ յայտարարութիւններուն: Մենք նաեւ երախտապարտ ենք դեսպան Անճէյ Քասփրչիքին եւ անոր խումբին` անոնց մնայուն աշխատանքի համար», հաստատած է Միւրէյ:

Նախորդը

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Հետ Փութին Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Առնչուած Կացութիւնը

Յաջորդը

«Պաքու Տեղեկութիւններ Ունի, Ռուսիայէն, Վրաստանէն Եւ Իրանէն Դէպի Հայաստան Զէնքի Մաքսանենգման Մասին» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.