Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անհրաժեշտ Է Անյապաղ Զինուորականներու Միջեւ Հանդիպում Կազմակերպել Եւ Զինադադարի Հաստատման Մեքանիզմներուն Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել» Կ՛ըսէ Զախարովա

October 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան հաստատման անհրաժեշտութեան` յիշեցնելով, որ այդ մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութիւններուն հիմամբ:

«Բանակցութիւններուն յաջորդած օրերուն շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ ղեկավարութեան եւ Պաքուի ու Հայաստանի գործընկերներուն միջեւ` նախագահներու, արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով: Մեր գլխաւոր ուղերձը այն է, որ անհրաժեշտ է անյապաղ զինուորականներու միջեւ հանդիպում կազմակերպել, զինադադարի հաստատման մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութիւն ձեւաւորել: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական կարգաւորման հեռանկարներուն, ապա կը մեկնինք մեր այն տեսակէտէն, որ ատիկա անհրաժեշտ է: Առաջարկները, որոնք մշակած են եւ կը շարունակուին մշակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, դրուած են բանակցութիւններու սեղանին վրայ, անոնց բովանդակութիւնն է համապատասխան շրջաններու աստիճանաբար ազատումը` անվտանգութեան պահպանման, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ յուսալի կապի ապահովման երաշխիքներու պարագային, այնքան ատեն որ չէ որոշուած Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը», ըսած է Զախարովա:

Ան շեշտադրած է, որ ամէն կողմէ կատարուող յայտարարութիւնները շատ զգացական են, սակայն «արդեօք կը տանի՞ն որոշակի նպատակի հասնելուն»: «Այսօրուան դրութեամբ առաջնային նպատակներն են արիւնահեղութեան լիակատար դադրեցումը եւ անցումը բանակցային հոլովոյթին, եւ այդ առնչութեամբ մենք բազմիցս կոչ ուղղած ենք բոլորին, որոնք այս կամ այն ձեւով առնչուած են տագնապին հետ, ինչպէս նաեւ անմիջական հակամարտող կողմերուն` ընելու ամէն ինչ, որ բոլոր յայտարարութիւնները ծառայեն վերոնշեալ նպատակներու իրականացման», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

«Իրան Պատրաստ Է Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Նախաձեռնութեան Ծիրին Մէջ Տագնապի Մնայուն Խաղաղ Լուծումի Որոնման Նպաստելու» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ղազանչեցոց Եկեղեցիի Ռմբակոծումը Կրնայ Հայերու Ձեռքի Գործը Ըլլալ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.