Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ այն տեսակէտին, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատուի:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Մաքրոն նաեւ յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութեան վերջին վեհաժողովը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Կիպրոսին ու Յունաստանին` Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն շուրջ:
Բացի ատկէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները ափսոսանք յայտնած են Թուրքիոյ` Միջերկրական ծովու Յունաստանին յարակից ուժանիւթային պաշարներով հարուստ արեւելեան հատուածներ հետազօտական նաւ ուղարկելու որոշումին առնչութեամբ:



