Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Ծայրայեղ Զսպուածութիւն Դրսեւորելու, Արտաքին Ուժերու Միջամտութիւն Չարտօնելու» Կ՛ըսէ Զախարովա

November 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ գործնականին մէջ շրջանին մէջ կացութիւնը բերելու լարուածութեան մեղմացման: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ծայրայեղ զսպուածութիւն դրսեւորելու, խուսափելու քաղաքային բնակչութեան ուղղութեամբ հասցուող հարուածներէն, չարտօնելու արտաքին ուժերու միջամտութիւնը: Անհրաժեշտ է գործնականին մէջ կացութիւնը բերելու զինադադարի դրութեան, լարուածութեան մեղմացման եւ բանակցութիւններու վերականգնման` հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով», ըսած է Զախարովա:

Ան յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 1 եւ 2 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ:

Զախարովա պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին յայտնած է. «Գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւններուն համաձայն, ներկայ պահուն տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքէն ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներու տեղափոխում Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի: Ի դէպ, խօսքը ծայրայեղականօրէն տրամադրուած վարձկաններու մասին է, որոնք ժիհատականութեան գաղափարախօսութիւն կը դաւանին: Այդ ամէնը չի կրնար լուրջ մտահոգութիւն չյառաջացնել մեր մօտ, որովհետեւ կացութեան նման հեռանկարով զարգացումը յղի է նոր ահաբեկչական միջերկրի ստեղծման վտանգով` այս անգամ արդէն Անդրկովկասի մէջ: Յիշեցնեմ, որ Ռուսիան այս մասին բացէ ի բաց յայտարարած է համապատասխան տեղեկութիւններու տիրապետելուն պէս»:

 

Նախորդը

Խոստովանելով, Որ Ազրպէյճանական Բանակը Թիրախաւորած Է Արցախի Քաղաքները. Ալիեւ Բացայայտօրէն Ստած Է` Խեղաթիւրելով Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

16 Դեկտեմբերի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ամերիկեան Նախագահական Ընտրութիւնը` Համաշխարհային Առանցքային Կիզակէտ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.