Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու հաղորդակցութիւնները` տարբեր մակարդակներու վրայ: