Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

16 Դեկտեմբերի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ամերիկեան Նախագահական Ընտրութիւնը` Համաշխարհային Առանցքային Կիզակէտ

Նոյեմբեր 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան նախագահական ընտրութեան նժարը կը թուի, թէ կը թեքի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի ուղղութեամբ, որ եթէ յաջողի, պիտի դառնայ   Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը: Ան երէկ մինչեւ ուշ գիշեր յայտարարուած արդիւնքներով ստացած էր 264 քուէ, իսկ ընթացաւարտ նախագահ Տանըլտ Թրամփ` 214 քուէ: Նորընտիր նախագահը իշխանութիւնը պիտի ստանձնէ յունուար 2021-ին, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ուշագրաւ փոփոխութիւն պիտի կրէ ներքին թէ արտաքին մակարդակներու վրայ` մեկնելով անոր նախընտրական քարոզչական արշաւի խոստումներէն: Այս իմաստով ուշագրաւ էին Պայտընի նորագոյն խոստումները, զորս ան կատարեց երէկ` հինգշաբթի, ընտրութեան նախօրեակին իբրեւ թեկնածու արտասանած իր պատգամին մէջ: «Իբրեւ դեմոկրատական ընտրուեցայ, սակայն պիտի իշխեմ իբրեւ ամերիկացի», յայտարարեց Ճօ Պայտըն` իր նախանձախնդրութիւնը յայտնելով հոգ տանելու նոյնիսկ իրեն չքուէարկած նահանգներու քաղաքացիներուն:

Խորքին մէջ, ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնները անկիւնադարձային փուլի մը սեմին կը տեղակայեն Միացեալ Նահանգները: Փաստօրէն, անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ պիտի «բազմի» «համաշխարհային այդ գահին» վրայ, յետընտրութեանց կացութիւնը նոյնը պիտի չըլլայ: Տեղական իմաստով ցարդ բացայայտուած քուէներու արդիւնքը «կ՛աւետէ» դեմոկրատական Ճօ Պայտընի յաղթանակը, մինչ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը յայտարարէ, թէ օրէնսդրականօրէն յաղթանակ արձանագրած է` «ապօրինի» ու «խեղաթիւրուած» նկատելով իր մրցակիցին շահած նահանգներու ձայները եւ պահանջելով վերստին հաշուել քուէներու ցանկը:

Քաղաքական վերնախաւը ընտրութեանց արդիւնքէն աւելի մտահոգ է անոր յայտարարութենէն ետք ստեղծուելիք կացութեամբ: Փաստօրէն գաղտնիք չէ, թէ ամերիկացիք իրենց այլազան շերտերով վերջերս սկսան «զինուիլ»: Անցնող 72 ժամերուն ընթացքին մէկ օրուան մէջ մէկուկէս միլիոն զինական սարք վաճառուած է: Ամերիկացիք քաղաքացիական բախումներու (չըսելու համար` պատերազմի) մղձաւանջը կ՛ապրին այս օրերուն: Զոյգ թեկնածուները իրաւաբաններու «բանակով զինուած» կը հետեւին քուէացանկերու արդիւնքներուն` օրինական որեւէ խախտումի պարագային դատական հայց յարուցելու պատրաստակամութեամբ:  Երկրի հրատապ հարցերուն շուրջ խոր տարակարծութիւն կը տիրէ ամերիկեան հանրային կարծիքին մօտ եւ կրնայ որեւէ պատճառով «բռնկիլ»: Սեւամորթ ամերիկացիներու հանդէպ իշխանութեանց ցուցաբերած «խիստ» վերաբերմունքը որոշ ենթահող պատրաստած է այդ ուղղութեամբ:  Տեղեկատուական իմաստով եւս որոշ նախազգուշութիւններ առնուած են, օրինակ` դիմատետր եւ «Թուիթըր» խիստ «գրաքննութիւն» կը բանեցնեն ամերիկեան ընտրութեանց արդիւնքներուն մասին կանխահաս եզրայանգումներ կատարողներուն դէմ: Օրինակ, ըստ «Ռաշա թուտէյ»-ի, դիմատետրը երէկ ջնջած է Թրամփի համակիր 370 հազար հետեւորդ ունեցող մէկ էջը այն հիմնաւորումով, որ «անիկա կասկածելի եւ գրգռիչ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ»:

Արտաքին ճակատի վրայ եւս աշխարհի «մեծ ու փոքր» պետութիւններ շնչասպառ կը հետեւին Ճօ Պայտընի քաղաքական յայտագիրի վարքագիծին, որ զգալիօրէն տարբեր պիտի ըլլայ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծէն: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր պետութիւն իր «հարցերու» տարողութեան համաձայն ակնկալութիւններ եւ նախատեսումներ ունի: Օրինակ` Ճօ Պայտըն խոստացած էր նորոգել Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը: Միջին Արեւելքի մէջ հարցերը համեմատաբար քաղաքական խաղաղ եզրայանգումով լուծել: Հայ ժողովուրդին խոստացած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչ հայ ժողովուրդը կ՛ակնկալէ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ, յանձին Ճօ Պայտընի, ճանչնան Արցախի ազատ ու անկախ  հանրապետութիւնը, ընդառաջեն մարդկային արդարութեան կանչին եւ զօրակցին Արցախի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման: Տակաւի՛ն` կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Պայտըն «խելքի բերէ» Թուրքիոյ նոր օսմանականութեան ու համաթուրանականութեան միջեւ տուայտող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Պաղեստինցի ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, որ նորընտիր նախագահը հրաժարի Իսրայէլի մայրաքաղաքը Երուսաղէմ փոխադրելու Թրամփի որոշումէն, ու մաղթանքներու եւ նախատեսումներու ցանկը կ՛երկարի:

Ըստ ամերիկեան սահմանադրական օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն, բացի երկու նահանգներէ, ամերիկեան մնացեալ բոլոր նահանգները պարտին առաւելագոյնը մինչեւ ութ դեկտեմբերի (2020) ժամկէտը յայտարարել տուեալ նահանգին մէջ արձանագրուած քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները, որոնց հիման վրայ 16 դեկտեմբերին  (2020) կը յայտարարուի նորընտիր նախագահին անունը, ինքնութիւնը:

 

Նախորդը

«Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Ծայրայեղ Զսպուածութիւն Դրսեւորելու, Արտաքին Ուժերու Միջամտութիւն Չարտօնելու» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Թուրքիան Արձագանգած Է Ֆրանսայի` «Գորշ Գայլեր» Ծայրայեղական Շարժումը Լուծարելու Որոշումին

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?