Միջազգային

ՄԱԿ Կ՛աշխատի Արցախի Մէջ Ականազերծման  Առաքելութեան Տեղակայման Ուղղութեամբ

ՄԱԿ Կ՛աշխատի Արցախի Մէջ Ականազերծման Առաքելութեան Տեղակայման Ուղղութեամբ

ՄԱԿ-ի ականազերծման ծառայութիւնը այլ ստորաբաժանումներու հետ կ՛աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման առաքելութեան հապշտապ տեղակայման ուղղութեամբ. կողմերու կարիքները գնահատելու առաքելութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի սկսի աշխատիլ դեկտեմբերի սկիզբը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է ՄԱԿ-ի Խաղաղապահ գործողութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչը: «ՄԱԿ-ի ականազերծման ծառայութիւնը, համաձայնելով ՄԱԿ-ի այլ ստորաբաժանումներու եւ տեղւոյն վրայ գտնուող խումբին հետ, կ՛աշխատի շտապ տեղակայման ուղղութեամբ` կողմերէն հայցուող` ՄԱԿ-ի կողմէ...

Արցախի Մէջ Խաղաղապահներու Շուրջ Ռուս-Թրքական Տարակարծութիւն

Արցախի Մէջ Խաղաղապահներու Շուրջ Ռուս-Թրքական Տարակարծութիւն

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ տարակարծութիւններ յառաջ եկած են: Տարակարծութիւնները կը վերաբերին թրքական կողմին միացեալ համակարգման կեդրոնէն անկախ հսկողութեան կէտ մը հաստատելու փափաքին: Մոսկուա կը պնդէ, որ Արցախի մէջ թուրք զինուորներ պէտք չէ ըլլան:  

«Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան  Պահպանումը Կը Նկատէ  Իր Առաջնահերթութիւններէն Մէկը»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Պահպանումը Կը Նկատէ Իր Առաջնահերթութիւններէն Մէկը» Կ՛ըսէ Շոյկու

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը նկատէ Ռուսիոյ առաջնահերթութիւններէն մէկը` նշելով, որ Ռուսիան կը ձեռնարկէ բոլոր միջոցները շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը նկատենք մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Մենք կը ձեռնարկենք բոլոր միջոցները շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման համար: Դուք արդէն նշեցիք շարք մը աշխատանքներ, որոնք...

«Ղարաբաղի Հարցով Միացեալ Յայտարարութեան  Բնագիրը Երեքով Ստեղծած Ենք»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ղարաբաղի Հարցով Միացեալ Յայտարարութեան Բնագիրը Երեքով Ստեղծած Ենք» Կ՛ըսէ Փութին

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին 9 նոյեմբերին կազմուած միացեալ յայտարարութեան բնագիրին վրայ աշխատած են երեք երկիրներու` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդաշարի հեղինակ Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ինչ կը վերաբերի բնագիրին, ապա մենք ատիկա ստեղծած են երեքով` ես, Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը եւ...

«Եթէ Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Նախագահը  Թեհրանի Հետ Երկխօսութիւնը Վերսկսիլ Ուզէ,  Մենք Պէտք Է Միջնորդ Հանդիսանանք»  Կ՛ըսէ Սէուտական Դիւանագիտութեան Պետը

«Եթէ Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Նախագահը Թեհրանի Հետ Երկխօսութիւնը Վերսկսիլ Ուզէ, Մենք Պէտք Է Միջնորդ Հանդիսանանք» Կ՛ըսէ Սէուտական Դիւանագիտութեան Պետը

Սէուտական Արաբիան շահագրգռուած է միանալու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նոր համաձայնութեան մը, որ պիտի փոխարինէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը (ԳՄՀԾ): ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ: «Ես պիտի ուզէի, որ ապագայ համաձայնութիւնը կոչուէր ԳՄՀԾ++...

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու.  Նեթանիահու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Հանդիպում  Ունեցած Է Պըն Սալման Իշխանին Ու Փոմփէոյի Հետ

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Նեթանիահու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Պըն Սալման Իշխանին Ու Փոմփէոյի Հետ

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կիրակի օր Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն մասնակցած են Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը` ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը յայտարարեց, որ պըն Սալման-Փոմփէօ հանդիպումին ընթացքին իսրայէլեան երկու գաղտնի թռիչքներ Իսրայէլէն Սէուտական Արաբիա մեկնած են: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի...

Ալիեւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Անվտանգութիւնը  Ամրապնդելնուն Համար  Կը Գովաբանէ Փութինն Ու Էրտողանը

Ալիեւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Անվտանգութիւնը Ամրապնդելնուն Համար Կը Գովաբանէ Փութինն Ու Էրտողանը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ողջունեց իր ռուս եւ թուրք պաշտօնակիցներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւնը ամրապնդելնուն համար: «Ազերնիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին 21 նոյեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ալիեւ: «Շրջանին մէջ խոստմնալից նոր կացութիւն մէջտեղ եկած է: Ես վստահ եմ, որ դրական ընթացքները պիտի շարունակեն...

Էլիզէի Պալատէն Աֆփ-ին Հասած Տեղեկութիւններուն Համաձայն.  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարը Կրնայ 9 Հոկտեմբերի Գիշերը Կամ Այսօր Առաւօտեան Հաստատուիլ

Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Գործադրման «Միջազգային Վերահսկողութիւն» Կ՛ուզէ

Ֆրանսան կ՛ուզէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման նկատմամբ միջազգային վերահսկողութիւն հաստատուի, որովհետեւ Փարիզ կը զգուշանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հետագային արեւմտեան պետութիւնները խաղէն դուրս բերելու վերաբերեալ գործարքի կնքման կարելիութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Ռոյթըրզ» կը գրէ, որ զինադադարէն ետք, Ռուսիան բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ` Ազրպէյճանի գլխաւոր դաշնակիցին եւ Մինսքի խմբակի քննադատին հետ. այդ բանակցութիւնները կրնան...

«Ցեղասպանութեան Յիշողութիւնը Եւ Անոր  Դասերու Նշանակութիւնը Կը Վերաբերի Մեզմէ  Իւրաքանչիւրին». Մաքրոնի Ուղերձը Հայաստանի Նախագահին

«Ֆրանսան Պատրաստ Է Լիակատար Կերպով Աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Մշակութային Եւ Կրօնական Ժառանգութեան Պաշտպանութեան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսան պատրաստ է իր փորձառութիւնը ներդրելու եւ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան գործին մէջ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Ֆրանսան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծիրին մէջ եւ Տագնապներու մէջ ժառանգութեան պաշտպանութեան դաշինքի հետ պատրաստ է ներդրելու իր փորձառութիւնը եւ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքի մշակութային ու կրօնական...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ 23 նոյեմբերին պիտի մեկնի Ռուսիա եւ Ազրպէյճան` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կ՛ենթադրուի, որ օրակարգի վրայ պիտի ներառուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիէն միջինարեւելքցի ահաբեկիչները դուրս բերելու հարցը: Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի շրջապտոյտին մէջ Հայաստան այցելութիւն չէ...

Լաւրով Եւ Շոյկու Այսօր Պիտի Այցելեն Երեւան

Լաւրով Եւ Շոյկու Այսօր Պիտի Այցելեն Երեւան

Ռուսիոյ միջնախարարական պատուիրակութիւնը այսօր պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին «Արմէնփրես»¬ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն: Ըստ լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած տեղեկութեան, այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերին, իսկ պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ տնտեսութեան նախարար Ալեքսանտր Նովաք: Ռուսական պատուիրակութիւնը Հայաստան...

«Ռուսիոյ Համար Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Յատուկ Նշանակութիւն Ունի Նաեւ Ներքին Անվտանգութեան Ապահովման Տեսանկիւնէն»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիոյ Համար Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Յատուկ Նշանակութիւն Ունի Նաեւ Ներքին Անվտանգութեան Ապահովման Տեսանկիւնէն» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խորհրդակցութիւն կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու աշխատանքին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Մեր խաղաղապահները կ՛ուղեկցին գաղթականները տեղափոխող ինքնաշարժերուն, կ՛ապահովեն մարդասիրական բեռներ տեղափոխող մեքենաներու շարասիւնները, կը կարգաւորեն տեղւոյն ենթակառոյցներու գործունէութիւնը: Ես մնայուն կապի մէջ եմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գործընկերներուս հետ: Յառաջիկային ռուսական միջնախարարական պատուիրակութիւնը պիտի ուղարկուի Հայաստան եւ Ազրպէյճան` լուծելու համար մեր միացեալ...

Եունեսքօ-Ի Միջազգային Ժառանգութեան  Յանձնախումբը 10-20 Յուլիսին  Պիտի Քննարկէ Անիի Թեկնածութիւնը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Պատրաստ Է Պատմական Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Համար Ղարաբաղ Առաքելութիւն Ուղարկելու, Սակայն Տագնապի Աւարտէն Ետք Միայն

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պատրաստ է տագնապի աւարտէն ետք օգնութիւն տրամադրելու Հայաստանին ու Ազրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմական ժառանգութեան մաս կազմող կառոյցներու պահպանման հարցին մէջ եւ կը ծրագրէ մասնագէտներու խումբ ուղարկել այնտեղ: Այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի յայտարարութեան մէջ: «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին ընդհանուր տնօրէնը պաշտօնապէս առաջարկած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ թեքնիք օգնութիւն տրամադրել: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները մինչեւ...

«Եւրոպական Միութիւն-Թուրլիա Անջատումը Կը Խորանայ, Յարաբերութիւնները Կը Մօտենան Բեկումնային Պահուն»  Կ՛ըսէ Պորել

«Եւրոպական Միութիւն-Թուրլիա Անջատումը Կը Խորանայ, Յարաբերութիւնները Կը Մօտենան Բեկումնային Պահուն» Կ՛ըսէ Պորել

Կիպրոսի հարցով Էրտողանի հռետորաբանութիւնը կը սրէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավար Ճոզեֆ Պորել: «Մենք կը կարծենք, որ Կիպրոսի հարցով Թուրքիոյ վերջին գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը հակասեն ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ առաւել եւս կը սրեն լարուածութիւնը», յայտարարած է Պորել` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք տրուած...

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցի Դադրեցման Հարցը Լուծուած Է Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, Թէ՛ Ալ Ֆրանսայի Մասնակցութեամբ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցի Դադրեցման Հարցը Լուծուած Է Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, Թէ՛ Ալ Ֆրանսայի Մասնակցութեամբ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման հարցը լուծուած է թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ Ֆրանսայի մասնակցութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ որոշումի որդեգրման ընթացքին հաշուի առնուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն դիրքորոշումը: «Ամերիկացի ու ֆրանսացի գործընկերներուս հետ հաղորդակցութիւններու ժամանակ, ամէն անգամ, ակնյայտօրէն կը զգացուի, որ անոնց ինքնասիրութիւնը խոցուած է: Եւ ատիկա ցաւալի է», ըսած է Սերկէյ...

«Մոսկուան Կը Տեսնէ, Որ Կը Փորձեն Ղարաբաղի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը Խեղաթիւրել»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Մոսկուան Կը Տեսնէ, Որ Կը Փորձեն Ղարաբաղի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը Խեղաթիւրել» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մոսկուան կ՛արձանագրէ, որ Ղարաբաղի եռակողմ յայտարարութեան գործադրութեան շուրջ խեղաթիւրման փորձեր կը կատարուին: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Կ՛ուզեմ ըսել, թէ մենք կ՛արձանագրենք ընդհանուր առմամբ որոշ չափով տեղեկատուական լռութիւն, տեղ-տեղ կը խեղաթիւրուի ղարաբաղեան լուծման շուրջ եռակողմ յայտարարութեան իրագործումը», ըսած է Զախարովա: «Մեր երկրին ղեկավարութիւնը մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ`...

Խօսելով Ղարաբաղի Սրբավայրերու Պահպանման Մասին`  «Այդ Հարցը Խիստ Ժամանակակից Է»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Խօսելով Ղարաբաղի Սրբավայրերու Պահպանման Մասին` «Այդ Հարցը Խիստ Ժամանակակից Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրբավայրերու եւ մշակութային վայրերու պահպանման հարցը ռուսական կողմի աշխատանքին մէկ մասն է: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ըստ անոր, այդ խնդիրին առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի: «Այս հարցը խիստ ժամանակակից է, ատիկա նոյնպէս կողմերուն հետ մեր հաղորդակցութեան օրակարգին վրայ է», ըսած է Զախարովա: Ռուսիոյ...

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Բռնագրաւեալ Կոլանի Բարձունքներ

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Բռնագրաւեալ Կոլանի Բարձունքներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Իսրայէլ իր այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներ` այդպիսով դառնալով պատմութեան մէջ իր երկրին առաջին արտաքին գործոց նախարարը, որ բռնագրաւեալ այդ տարածք կ՛այցելէ: Փոմփէօ նախապէս յայտնած էր, որ բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներ պիտի այցելէ` շեշտելով. «Այս շրջանը Իսրայէլի մէկ մասը ճանչնալը Թրամփի կողմէ որդեգրուած պատմական կարեւորութիւն ունեցող որոշում մըն էր, եւ պարզապէս...

Եւրոպական Միութիւն. «Անհրաժեշտ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ Վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին Շուրջ Բանակցութիւններուն»

Եւրոպական Միութիւն. «Անհրաժեշտ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ Վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին Շուրջ Բանակցութիւններուն»

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ քաղաքական բանակցութիւններուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ: «Եւրոպական Միութիւնը կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է վերսկսիլ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծման ուղղութեամբ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի...

Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Արցախի Վերաբերեալ Յայտարարութեան Գործադրումը

Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Արցախի Վերաբերեալ Յայտարարութեան Գործադրումը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակն ու ընդգծած են եռակողմ յայտարարութեան կէտերու գործադրման կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: «Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերուն միջոցով...

Page 404 of 883 1 … 403 404 405 … 883

Արխիւներ