Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ տարակարծութիւններ յառաջ եկած են:
Տարակարծութիւնները կը վերաբերին թրքական կողմին միացեալ համակարգման կեդրոնէն անկախ հսկողութեան կէտ մը հաստատելու փափաքին: Մոսկուա կը պնդէ, որ Արցախի մէջ թուրք զինուորներ պէտք չէ ըլլան: