Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Համար Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Յատուկ Նշանակութիւն Ունի Նաեւ Ներքին Անվտանգութեան Ապահովման Տեսանկիւնէն» Կ՛ըսէ Փութին

November 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խորհրդակցութիւն կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու աշխատանքին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Մեր խաղաղապահները կ՛ուղեկցին գաղթականները տեղափոխող ինքնաշարժերուն, կ՛ապահովեն մարդասիրական բեռներ տեղափոխող մեքենաներու շարասիւնները, կը կարգաւորեն տեղւոյն ենթակառոյցներու գործունէութիւնը: Ես մնայուն կապի մէջ եմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գործընկերներուս հետ: Յառաջիկային ռուսական միջնախարարական պատուիրակութիւնը պիտի ուղարկուի Հայաստան եւ Ազրպէյճան` լուծելու համար մեր միացեալ յայտարարութեան կէտերուն գործադրութեան վերաբերող հարցերը», ըսած է Փութին` աւելցնելով. «Ան, որ կը փորձէ խանգարել Ղարաբաղի շուրջ համաձայնութեան գործադրութիւնը, պէտք է իմանայ, որ այլընտրանքը պատերազմն է»:

Ան շեշտած է. «Ղարաբաղեան տագնապին պէս տագնապները եւ անոնց լուծումը Ռուսիոյ համար ունին յատուկ նշանակութիւն, ներառեալ ներքին անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն»:

«Յատուկ կերպով պիտի ուզէի խօսիլ պատմական յուշարձաններու եւ կրօնական սրբավայրերու, թէ՛ հայկական, թէ՛ ալ ազրպէյճանական յուշարձաններու պաշտպանութեան մասին: Այս հարցը ունի կարեւոր մարդկային բարոյական չափանիշ: Կը կարծեմ, որ այստեղ շատ պահանջուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներգրաւումը: Յոյսով ենք, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը եւս պիտի օգնէ երեխաներուն եւ դեռահասներուն, որոնք յատկապէս անպաշտպան են զինուորական տագնապներու սարսափներուն առջեւ», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւնը յանձնարարութիւններ ունի այդ բոլոր ուղղութիւններով:

Նախորդը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Պատրաստ Է Պատմական Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Համար Ղարաբաղ Առաքելութիւն Ուղարկելու, Սակայն Տագնապի Աւարտէն Ետք Միայն

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Շոյկու Այսօր Պիտի Այցելեն Երեւան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.