Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Անվտանգութիւնը Ամրապնդելնուն Համար Կը Գովաբանէ Փութինն Ու Էրտողանը

November 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ողջունեց իր ռուս եւ թուրք պաշտօնակիցներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւնը ամրապնդելնուն համար: «Ազերնիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին 21 նոյեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ալիեւ:

«Շրջանին մէջ խոստմնալից նոր կացութիւն մէջտեղ եկած է: Ես վստահ եմ, որ դրական ընթացքները պիտի շարունակեն աճիլ: Յամենայն դէպս, Ազրպէյճան ատոր պատրաստ է, եւ այսօր մանրամասնօրէն պիտի քննարկեմ մեր պատկերացումը, թէ մեր կարծիքով շրջանը ինչպէ՛ս պիտի զարգանայ: Անշուշտ եռակողմ յայտարարութիւնը դրական քայլ է դէպի մեր շրջանին մէջ ամուր ու մնայուն խաղաղութեան հաստատումը: Կ՛ուզեմ շեշտել անձնական դերակատարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ Փութինի, որ շատ աշխուժ եւ ազդու կերպով մասնակցեցաւ համաձայնութեան բնագիրի պատրաստութեան, եւ այն իրողութիւնը, որ համաձայնութիւնը յաջող կերպով կը գործադրուի` մեծ մասամբ այն պատճառով է, որ բնագիրին տակ նաեւ Ռուսիոյ նախագահին ստորագրութիւնը կայ», ըսաւ Ալիեւ:

Ան նաեւ ընդգծեց շրջանային անվտանգութեան ամրապնդման մէջ Էրտողանի դերը:

Ալիեւ լաւատեսութիւն յայտնեց, որ Պաքու եւ Երեւան յաջողած են որդեգրել որոշումներ, որոնք երկու երկիրներու ժողովուրդներուն պիտի արտօնեն ապրիլ խաղաղութեան մէջ, եւ փորձեն մտածել երկու երկիրներուն ու անոնց դրացիներուն համար հասարակաց ու ապահով ապագայի մը մասին, եւ այդպիսով նպաստեն շրջանային անվտանգութեան ամրապնդման:

«Մինսքի խմբակի այլ անդամներ, որոնք ուղղակիօրէն չմասնակցեցան յայտարարութեան պայմաններու քննարկման, իրենք եւս իրենց կեցուածքը արտայայտած են. դրական կեցուածք մը յայտարարութեան բնագիրին նկատմամբ, թէեւ որոշ ուշացումով: Կը կարծեմ, որ յայտարարութեան նկատմամբ անոնց դրական մօտեցումը եւս կարեւոր դեր պիտի խաղայ անվտանգութեան քայլերու ամրապնդման եւ երկարատեւ խաղաղութեան համար», աւելցուց ան:

Ազրպէյճանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ այլեւս «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ» բառակապակցութիւնը պիտի չլսուի: «Երբ Լեռնային Ղարաբաղի մասին խօսինք, պիտի լսենք լուրեր առնչուած զարգացման, պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ հաշտեցման մասին երկու երկիրներուն, որոնք իրարու հետ պատերազմի մէջ էին», ըսաւ ան:

Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ ռուսական պատուիրակութեան Ազրպէյճան այցելութիւնը կ՛արտացոլէ Փութինի մտադրութիւնը աշխուժօրէն աջակցելու եռակողմ համաձայնութեան գործադրութեան եւ շեշտելու Ազրպէյճանի հետ Ռուսիոյ գործընկերութեան «ռազմավարական բնոյթը»:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով` Գարիկ Աւետիսեան Եւ Գեղամ Մանուկեան Անժամկէտ Հացադուլի Սկսան

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Նեթանիահու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Պըն Սալման Իշխանին Ու Փոմփէոյի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.