Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Գործադրման «Միջազգային Վերահսկողութիւն» Կ՛ուզէ

November 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան կ՛ուզէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման նկատմամբ միջազգային վերահսկողութիւն հաստատուի, որովհետեւ Փարիզ կը զգուշանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հետագային արեւմտեան պետութիւնները խաղէն դուրս բերելու վերաբերեալ գործարքի կնքման կարելիութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Ռոյթըրզ» կը գրէ, որ զինադադարէն ետք, Ռուսիան բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ` Ազրպէյճանի գլխաւոր դաշնակիցին եւ Մինսքի խմբակի քննադատին հետ. այդ բանակցութիւնները կրնան յանգեցնել Անգարայի կողմէ շրջանին մէջ զօրքերու տեղակայման:

«Մարտական գործողութիւններու աւարտը պէտք է արտօնէ բարեխիղճ բանակցութիւններու վերսկսում, վերջին շաբաթներուն իրենց տուները լքած Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու վերադարձ` լաւ պայմաններով», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի գրասենեակը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ նախագահի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Ֆրանսայի մէջ կը բնակին 400.000-էն մինչեւ 600.000 ծագումով հայեր: Մաքրոն զգուշութիւն ցուցաբերած է տագնապի կողմին աջակցելու հարցին մէջ, եւ իր երկրին մէջ քննադատուած է Երեւանին բաւականաչափ չօգնելու համար:

«Մենք կ՛ուզենք, որ Մինսքի խմբակը իր դերը խաղայ հսկողութիւն հաստատելու հարցին մէջ (զինադադարի դրութեան նկատմամբ)», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի նախագահի բանբերը:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Փարիզ կը պնդէ «միջազգային վերահսկողութիւն» հաստատել զինադադարի դրութեան վրայ, որպէսզի արտօնուի գաղթականներու վերադարձը, Ղարաբաղէն օտար զինեալներու, յատկապէս Սուրիայէն եկածներու ետդարձը, եւ կարելի ըլլայ բանակցութիւններ սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ:

«Մենք կը հասկնանք, որ ռուսերը թուրքերուն հետ կը խօսին հաւանական բանաձեւին շուրջ, որ մենք չենք ուզեր, որ կրկնէ Ասթանան (Ասթանայի հոլովոյթը)` այս զգայուն շրջանին մէջ իրենց դերերը բաժնելու համար: Մենք չենք կրնար մէկ կողմ Մինսք ունենալ, միւս կողմ` Ասթանա: Ռուսերը ի վերջոյ պէտք է ընտրութիւն կատարեն», ըսած է պաշտօնեան:

Ասթանայի հոլովոյթը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտօնած էր լուծել սուրիական տագնապը` շրջանցելով արեւմտեան տէրութիւնները:

Նշենք, որ Ասթանայի հոլովոյթին մաս կը կազմէ նաեւ Իրանը:

 

 

Նախորդը

«Ֆրանսան Պատրաստ Է Լիակատար Կերպով Աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Մշակութային Եւ Կրօնական Ժառանգութեան Պաշտպանութեան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Հոգեվարքի Մէջ Եղող Անկախութեան Մը Անվերջանալի Պատումը (Լիբանան, 1943)

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.