Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Պիտի Դառնան Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Երաշխաւորներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Նոյեմբեր 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Մենք մեծ ներդրում ունեցած ենք Ղարաբաղի մէջ երեսուն տարի տեւած անարդարութեան ջնջման գործին մէջ», Էրտողանի խօսքերը կը մէջբերէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է այն քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկուին Ղարաբաղի մէջ հիմնախնդիրի լուծման համար:

«Թուրքիան, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը պիտի դառնան շրջանին մէջ խաղաղութեան երաշխաւորներ», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ թուրք զինուորները մէկ տարի պիտի աշխատին Ռուսիոյ հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միացեալ հսկողութեան կեդրոնին մէջ:

«Կարելի՞ է ընդլայնել այս հոլովոյթը (Արցախի մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկողութիւնը): Կարելի է, եւ մենք երէկ այդ մասին խօսած ենք Փութինի հետ: Այլ երկիրներու մասնակցութեամբ մենք կրնանք այս հոլովոյթը տեղափոխել այլ հարթութիւն», ըսած է Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Էրտողան երկրի իշխող կուսակցութեան անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին ժամանակ յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միանան շրջանի չորրորդ եւ հինգերորդ երկիրները, կարելի է բոլորովին այլ իրավիճակ ստեղծել: Թէ ո՛ր երկիրներուն մասին էր խօսքը, Էրտողան չէ մանրամասնած:

Ի դէպ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով չէ ուզած մեկնաբանել Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ քննարկած են շրջանի միւս երկիրներուն մասնակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութիւնը պահպանելու ջանքերու ընդլայնման կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Փեսքով Հերքած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուսական Խաղաղապահ Ուժերու Թիւի Յաւելման Վերաբերեալ Տեղեկութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Աշխարհի Վրայ Յառաջատար Դեր Պիտի Խաղան. «Ամերիկան Վերադարձած Է. Մարտահրաւէր` Հակառակորդներուն, Համագործակցութիւն` Աւանդական Դաշնակիցներուն Հետ» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?