Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեքշաբթի կէս գիշերէն առաջ Դամասկոսի գիւղական Ժապալ Մանեհի շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակում մը կատարուած է:
ՍԱՆԱ նաեւ նշեց, որ Քնէյթրայի հարաւը գտնուող Ռուէյհանա գիւղին մօտ եւս իսրայէլեան յարձակում մը գործուած է:
Սուրիական զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ յարձակումը գործուած է բռնագրաւեալ Կոլան բարձունքներուն ուղղութենէն եւ միայն նիւթական վնասներ պատճառած:
18 նոյեմբերին սուրիական զինուորական աղբիւր մը նշած էր, որ Դամասկոսի հարաւային շրջանին դէմ իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով սուրիացի 3 զինուորներ մահացած են եւ ուրիշ մը վիրաւորուած է: