Մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլալով թրքական զինուորական մեծ շարասիւն մը մուտք գործած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը` յղում կատարելով սուրիական ընդդիմութեան գործիչներու:
Զինուորական շարասիւնը Սուրիոյ Իտլիպի սահմանը կտրած է Ալեքսանտրեթ նահանգէն` ուղղուելով դէպի շարք մը հսկողութեան կէտեր:
Ըստ աղբիւրին, թրքական զինուորական շարասիւնը բաղկացած եղած է Իտլիպի մէջ հսկողութեան կէտերու համար նախատեսուած մեծ քանակութեամբ զինուորական սարքերէ եւ քանի մը զինուորներէ:
Շարասիւնին Սուրիա մուտքը համընկնած է երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ հսկողութեան որոշ կէտերէ թրքական ուժերու հեռանալուն հետ: