Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Մասին

Դեկտեմբեր 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտէն եւ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, միջազգային լրատուամիջոցները կը շարունակեն աշխուժօրէն քննարկել ներկայ լուծումն ու շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը: Ռուսական «Վոյեննոյէ Օպոզրենիյէ» (Ռազմական ակնարկ, «Ա.») կայքը ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ շարք մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշագրաւ նիւթերու անդրադարձները:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հրապարակած է Ան Սիմընսի եւ Ռաճի Ապուլրահիմի հեղինակութեամբ ծաւալուն յօդուած մը, որուն մէջ կը խօսուի Անդրկովկասի մէջ ռուսական զօրքեր մտցնելու երկակի հետեւանքներուն մասին:

Յօդուածագիրները կը նշեն, թէ մէկ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կրակոցի դադրեցման յոյս կը ներշնչէ, սակայն միւս կողմէ ալ` շրջանին մէջ նկատելիօրէն կ՛աճի Ռուսիոյ քաղաքական ազդեցութիւնը:

Վերլուծաբաններուն համոզումով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի ելքը մեծցուց անդրկովկասեան շրջանին մէջ Ռուսիոյ դիրքերը զգալիօրէն ամրապնդելու հեռանկարները, որովհետեւ «Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերաբերեալ մտածուած քաղաքականութեան շնորհիւ Մոսկուան յաջողած է բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանել թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ»:

Յօդուածագիրներուն համաձայն, ստեղծուած իրավիճակէն կարելի է կատարել շարք մը հետեւութիւններ. նախ, գոյութիւն ունի ռուսական ռազմաքաղաքական գերիշխանութեան աստիճանական հաստատման զգալի վտանգ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի մէջ:

Երկրորդ` Ռուսիան յաջողած է թէ՛ Անդրկովկասի երկիրներուն, թէ՛ միջազգային ընտանիքին ցոյց տալ, որ յետխորհրդային տարածքին մէջ ան է միակ դերակատարը, որ կրնայ նման պարագային դադրեցնել արիւնահեղութիւնը եւ մարդասիրական աղէտը:

«Շատ առումներով նման իրավիճակի մէջ մեղաւոր է նաեւ Արեւմուտքը, որ ո՛չ միայն չօգնեց Հայաստանին, այլ նաեւ հրաժարեցաւ ընդհանրապէս որեւէ բան ձեռնարկելու` արիւնահեղ պատերազմը դադրեցնելու համար: Ի յայտ եկաւ, որ նոյնիսկ հակառուսական տրամադրուածութիւն ունեցող Նիկոլ Փաշինեանը պէտք չէր յոյսը արեւմտեան տէրութիւններու օգնութեան դնէր: Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրէն առհասարակ երես դարձուցած են, իսկ Ֆրանսան սահմանափակուած է ամբոխավարական յայտարարութիւններով, որոնք ոչ մէկ իրական գործողութեան չեն յանգիր», կը նշեն փորձագէտները:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի ելքը կը դիտէ իբրեւ նախ եւ առաջ Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական պարտութիւն: Թերթը կը նշէ, որ ղարաբաղեան խնդիրէն եւրոպական երկիրներու հեռացումը յանգեցուց թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ զգալի ուժեղացման, իսկ ահա Եւրոպական Միութիւնը չկրցաւ ինքզինք դրսեւորել իբրեւ լուրջ քաղաքական դերակատար:

Օքսֆորտի ճգնաժամային իրավիճակներու հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Մարք Օլմոնտ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Լիպիոյ, թէ՛ Անդրկովկասի մէջ տագնապներու պարագային շահառու են Ռուսիան եւ Թուրքիան, մինչդեռ Արեւմուտքը ամբողջովին պարտուած է եւ կորսնցուցած իր ազդեցութիւնը:

Գերմանական «Սիւտէօչը Ցայթունկ» օրաթերթը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը կը դիտարկէ իբրեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բացայայտ յաղթանակ եւ կը գրէ, որ այժմ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրին վերաբերեալ որոշումները, ըստ ամենայնի, պիտի տրուին բացառապէս Մոսկուայի կողմէ: Միեւնոյն տեսակէտը արտայայտած է նաեւ ֆրանսական «Լը Փուան» օրաթերթը` ընդգծելով, որ իրականութեան մէջ տակաւին ղարաբաղեան տագնապի պատմութեան վերջակէտ չէ դրուած:

Նախորդը

«Իրանեան Ապահովական Մարմինները Տեղեակ Էին Ֆախրիզատէի Մահափորձի Վայրէն, Սակայն Հարցը Լուրջի Չառին» Կ՛ըսէ Շամխանի

Յաջորդը

Քուշներ Պիտի Այցելէ Սէուտական Արաբիա Եւ Քաթար` Փորձելով Հաշտեցնել Երկու Երկիրները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?