Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոլտովայի Նորընտիր Նախագահը Մերձտնեսթրէն Ռուսական Զօրքերու Դուրս Բերման Ի Նպաստ Արտայայտուած Է

December 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոլտովայի նորընտիր նախագահ Մայա Սանտու Մերձտնեսթրէն ռուսական ուժերու եւ զինամթերքի դուրսբերման, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ խաղաղապահ գործողութեան վերափոխման ի նպաստ արտայայտուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Մերձտնեսթրի մէջ կայ Ռուսիոյ զօրքերու խումբ մը, որուն վերաբերեալ Մոլտովայի կողմէ երբեւէ համաձայնութիւն չէ եղած: Հետեւաբար, պետութեան դիրքորոշումը այն է, որ այդ զօրքերը պէտք է դուրս բերուին, եւ զէնքերը վերցուին մեր երկրի տարածքէն: Ես պիտի շարունակեմ այս հարցը քննարկել Ռուսիոյ ղեկավարութեան հետ: Անցեալ տարի մեզի այցելած էր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: Ան ըսաւ, որ Ռուսիան պատրաստ է օգնելու զէնքի կիրարկման հարցին մէջ», ըսած է Սանտու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ան նոյն ատեն կողմ արտայայտուած է Մերձտնեսթրի մէջ ռուս խաղաղապահները ԵԱՀԿ-ի հովանիին տակ քաղաքային հսկողութեան առաքելութեամբ փոխարինելուն:

«Հաշուի առնելով այն փաստը, որ երկար ժամանակ զինեալ բախումներու վտանգ չկայ, մոլտովական կողմի դիրքորոշումը այն է, որ այս խաղաղապահ գործողութիւնը պէտք է վերափոխուի քաղաքային առաքելութեամբ` ԵԱՀԿ-ի հովանիին տակ», ըսած է Սանտու:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Մոլտովայի նորընտիր նախագահին խօսքը յայտարարած է, որ սթաթիւս քոյի փոփոխութիւնը կրնայ Մերձտնեսթրի մէջ յանգեցնել իրավիճակի ապակայունացման:

«Ռուսիան շատ կարեւոր գործառոյթներ կը կատարէ, եւ, անշուշտ, փոփոխութիւնը սթաթիւս քոյին մէջ, որ հիմնուած է միջազգային օրէնքի ոգիին եւ տառին վրայ, կրնայ լուրջ ապակայունացման յանգեցնել: Մենք յոյս ունինք, որ այս ամէնը պիտի քննարկուի եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ կտրուկ քայլ պիտի չառնուի», նշած է Փեսքով:

Ան ընդգծած է նաեւ, որ Մերձտնեսթրէն խաղաղապահները դուրս բերելու առաջարկը Մոլտովան եւ Ռուսիան նախապէս չեն քննարկած:

«Տոտոնի (Մոլտովայի գործող նախագահ) հետ երկխօսութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի, սակայն շատ աւելի կառուցողական է: Մենք կ՛ակնկալենք, որ այդ կառուցողականութիւնը պիտի շարունակուի, որ այս առումով պիտի ըլլայ որոշակի շարունակականութիւն, եւ որ մենք հաշուի պիտի առնենք որեւէ արմատական քայլերու հաւանական բոլոր բացասական հետեւանքները», աւելցուցած է ան:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Լիբանանի Խօսքը Պիտի Արտասանէ Լիբանանի Օժանդակութեան Առցանց Խորհրդաժողովին Ընթացքին

Յաջորդը

Սթոլթենպերկ Ղարաբաղի Եւ Պիելոռուսիոյ Մէջ Իրադարձութիւններէն Ետք Ռուսիոյ Դիրքերուն Ամրապնդման Մասին Կը Նշէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.