Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Խորհրդարանը Որդեգրեց Կառավարութեան` Իւրանիոմի Հարստացումը 20 Առ Հարիւրէն Աւելի Դարձնել Պարտաւորեցնող Օրէնք Մը

December 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանը որդեգրեց երկրի հիւլէական գործունէութեան աշխուժացման նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:

Նախապէս իրանցի օրէնսդիրները որոշած էին քննարկել «Պատժամիջոցներու ջնջման ռազմավարական միջոց» անունով օրինագիծը: Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութենէն ետք, կիրակի օր որոշում տրուած էր արագացնել նախագիծի քննարկումը:

Իրանեան լրատու գործակալութեան տուեալներով` նախագիծի ընդհանուր կէտերուն թեր քուէարկած է 251 երեսփոխան:

Օրէնքի վաւերացման համար անհրաժեշտ է համաձայնութիւնը Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդին` Իրանի մէջ արտախորհրդարանական յատուկ մարմինին, որ կը ստուգէ օրինագիծերը: Վերջինիս հաւանութեան պարագային օրէնքը պարտադիր ուժ պիտի ունենայ:

Օրինագիծը կ՛ենթադրէ իւրանիոմի հարստացման մակարդակի բարձրացում մինչեւ 20 առ հարիւր եւ աւելի: Ներկայիս Իրան հիւլէական գործարքով նախատեսուած 3,67 առ հարիւրին փոխարէն իւրանիոմը կը հարստացնէ 4 առ հարիւրէն բարձր մակարդակով:

Բացի ատկէ, օրինագիծը կ՛ենթադրէ Նաթանզի մէջ իւրանիոմի հարստացման «ԻՐ-2Մ» հնոցներու գործարկումը եւ Ֆորտոյի հիւլէական կայանին մէջ «ԻՐ-6» հնոցներու տեղադրումը, մինչդեռ հիւլէական գործարքը կ՛ենթադրէ առաջին սերունդի «ԻՐ-1» հնոցներու օգտագործում:

Նշենք, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ խորհրդարանը նշեալ օրէնքը որդեգրելով պատգամ մը յղեց իսլամական հանրապետութեան թշնամիներուն, թէ միակողմանի խաղը վերջ գտած է:

 

 

Նախորդը

«Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը Ծրագրուած Է Ամերիկեան-Իսրայէլեան-Սէուտական Հանդիպման Ժամանակ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յաջորդը

Թուրքիա Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Համար Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.