Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին իր վրացի պաշտօնակիցին` Ճուանշեր Պուրչուլածէի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնան «Ռուսիոյ կողմէ շղթայազերծուած յարձակումին» դէմ Վրաստանի պաշտպանական կարողութիւններու զարգացման հարցին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Փենթակոնը հաւատարիմ կը մնայ Ռուսիոյ կողմէ դրսեւորուող յարձակումի եւ թշնամական ազդեցութեան դէմ Վրաստանի պաշտպանական կարողութիւնները ամրապնդելուն», ըստ Փենթակոնի հրապարակած հաղորդագրութեան ըսած է Փենթակոնի ղեկավարը:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Վրաստանի զինուորական արդիականացման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած աջակցութեան եւ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն համար:
Պուրչուլածէ նաեւ շեշտած է Ռուսիոյ կողմէ Վրաստանի անվտանգութեան նկատմամբ սպառնալիքներու գոյութիւնը: