Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց. «Թուրքիան դադրեցաւ Ֆրանսան ու Եւրոպական Միութիւնը վարկաբեկելէ եւ որոշ երաշխիքներ ներկայացուց, սակայն յարաբերութիւնները դիւրաբեկ պիտի մնան, մինչեւ որ Անգարան շօշափելի աշխատանք տանի»:
Լը Տրիան ֆրանսական խորհրդարանին մէջ լսումի ընթացքին յայտնեց. «Այլեւս վարկաբեկումներ չկան, եւ օգտագործուող լեզուն աւելի հանգստացուցիչ է»:
«Թրքական հետազօտման նաւը Արեւելեան Միջերկրականի մէջ կիպրական ջուրերէն հեռացնելն ու Յունաստանի հետ անոնց միջեւ երկարատեւ ծովային տագնապին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու Անգարայի փափաքը դրական ցուցանիշ կը նկատուի», ըսաւ ան:
«Յարաբերութիւնները դիւրաբեկ են, որովհետեւ տարակարծութիւններու շարքը շատ երկար է, սակայն Թուրքիոյ հետ առողջ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք: Քայլերու կարիք կայ, եւ կեցուածք պիտի կարենանք որդեգրել այդ քայլերուն գործադրումէն ետք: Մինչեւ հիմա անոնք միայն խօսքեր են», յայտնեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը: