Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Խուտաֆերինի մաքսակէտի բացման շուրջ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ազրպէյճանի պետական մաքսային յանձնախումբի նախագահ Սաֆար Մեհթիեւ:
Անոր համաձայն, բանակցութիւններ կը կատարուին մաքսային մարմիններու եւ երկու երկիրներու այլ կառոյցներու միջեւ:
Նոյն ատեն, Մեհթիեւ դժուարացած է ըսել բացման ճշգրիտ թուականը` նշելով, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին:
Նշենք, որ Խուտաֆերինը կը գտնուի Արցախի բռնագրաւուած Կովսական շրջանի եւ Իրանի սահմանին վրայ. այդտեղ են նաեւ համանուն պատմական կամուրջն ու ջրամբարը:



