Ժընեւի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ. Արաղչի. «Նախնական Փոխհասկացողութիւն Ձեռք Բերինք»
Ժընեւի մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու աւարտէն ժամեր ետք բանակցութիւններուն իրանեան պատուիրակութեան պետ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Բաղդատմամբ նախկին փուլին, բանակցութիւններու այս փուլին դրական զարգացումներ կան»: Ան այս մասին յայտնեց իրանեան պատկերասփիւռի կայանին: Ան ըսաւ, որ իր երկրի պատուիրակութիւնը «Ամերիկայի հետ հիմնական սկզբունքներուն շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն ձեռք բերաւ»` աւելցնելով. «Այլեւս Ամերիկայի...




















