Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ քննադատեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը, եւ պահանջեց, որ «դադրեցնէ» Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն վրայ յարձակումը:
Ազդեցիկ ծերակուտականը Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր խօսքը ուղղակի կերպով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին ուղղելով ըսաւ. «Բա՛ւ է Սէուտական Արաբիա: Ձանձրացայ այս անհեթեթութենէն: (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ) Մոհամետ Պըն Զայետը սիոնական չէ, եւ դուք (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ) այս հակամարտութեան ճամբով Իրանը կը քաջալերէք»:
Կրահամի կարծիքով, Ռիատի եւ Ապու Տապիի միջեւ տարակարծութիւնը ի շահ Իրանի հետ:
Ան նշեց, որ Եմէնի եւ Սուտանի մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յայտնի տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն կոչ ուղղեց «մեծ պատկերին մասին մտածելու» եւ Իրանի դէմ ջանքերը միաւորելու «այս պատմական պահը չկորսնցնելու»:


