Ազրպէյճանն ու Սերպիան, իբրեւ ռազմավարական գործընկերներ եւ զարգացող միջին տէրութիւններ, կարեւոր դեր կը խաղան նաեւ միջշրջանային համագործակցութեան մէջ: Այս մասին գրած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Ազրպէյճան կը գտնուի համապատասխանաբար Հարաւային Կովկասի` աւելի լայն Կասպեան շրջանին մէջ, իսկ Սերպիան` Պալքաններու մէջ: «Զանգեզուրի միջանցք»` ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութիւնը բարենպաստ կարելիութիւններ կը ստեղծէ Կասպեան` Կեդրոնական Ասիոյ եւ Պալքանեան շրջաններու միջեւ կապը ամրապնդելու», գրած է Հաճիեւ:


