Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ. Արաղչի. «Նախնական Փոխհասկացողութիւն Ձեռք Բերինք»

February 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժընեւի մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու աւարտէն ժամեր ետք բանակցութիւններուն իրանեան պատուիրակութեան պետ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Բաղդատմամբ նախկին փուլին, բանակցութիւններու այս փուլին դրական զարգացումներ կան»: Ան այս մասին յայտնեց իրանեան պատկերասփիւռի կայանին:

Ան ըսաւ, որ իր երկրի պատուիրակութիւնը «Ամերիկայի հետ հիմնական սկզբունքներուն շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն ձեռք բերաւ»` աւելցնելով. «Այլեւս Ամերիկայի հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջ ընթանալու յստակ ուղի մը ունինք»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը, սակայն, յստակացուց. «Ասիկա չի նշանակեր, թէ մօտ օրէն համաձայնութիւն պիտի գոյացնենք, սակայն ճամբան սկիզբ առաւ»:

Արաղչի նաեւ յայտնեց, թէ երկու կողմերը «պիտի աշխատին հաւանական համաձայնութեան փաստաթուղթի երկու օրինակներու վրայ, եւ զանոնք փոխանակեն»:

Ան նաեւ նշեց. «Գոյութիւն ունին հարցեր, որոնց վրայ երկու կողմերը կարիքը ունին աշխատելու»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ առիթի նոր պատուհան մը բացուած է` յոյս յայտնելով, որ բանակցութիւնները տեւական լուծումի մը կը յանգեցնեն:

Ան շեշտեց, որ որեւէ տեւական համաձայնութիւն պէտք է Թեհրանի օրինական իրաւունքներու ամբողջական ճանաչում ներառէ:

Արաղչի նշեց, թէ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը «շինիչ» էր:

Ան շեշտեց, որ իր երկիրը «յանձնառու է դիւանագիտութեան եւ այդ մէկը փաստեց»` աւելցնելով, որ խորհրդակցութիւնները սկսած են երկուշաբթի օր, երբ թեքնիք մակարդակի վրայ լաւ քննարկումներ տեղի ունեցած են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններու երրորդ փուլի թուական մը չճշդեց, սակայն նշեց, որ անիկա պիտի գումարուի «հաւանական համաձայնութեան բնագիրներու» փոխանակումէն ետք:

Անդրադառնալով ամերիկեան կողմէն հնչող սպառնալիքներուն` Արաղչի ըսաւ. «Պէտք է անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի վերջ տալ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ուժի կիրարկման կարելիութեան յստակ ակնարկներուն»:

Յիշեցնենք, որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու նախորդ փուլը գումարուած էր 6 փետրուարին Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ, եւ այդ փուլը եւս դրական որակուած էր:

Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի երկուշաբթի գիշեր յայտարարած էր. «Եթէ Իրանի դէմ պատերազմը անհրաժեշտ է, զայն պիտի մղենք»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապու Սահիտի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները աւարտած են «լաւ յառաջընթաց» արձանագրելով` աւելցնելով, որ բանակցող երկու պատուիրակութիւնները հեռացած են յառաջիկայ ժողովէն առաջ` «յառաջիկայ փուլին համար յստակ քայլերով»:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Վէճով Չզբաղեցայ Եւ Կրնամ Զայն Դիւրութեամբ Լուծել»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Շիի Համայնքի Հոգեւոր Պետը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.