Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աշխատակազմը որոշած է Ճոն Սալիվընը ձգել Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին եւ հետագային զինք չփոխել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Սի.Էն.Էն.»-ին:
Ամերիկեան լրատուամիջոցը, վկայակոչելով իր երկու աղբիւրները, հաղորդած է, որ աշխատակազմը Սալիվընը կը նկատէ յուսալի աշխատակից այն իրավիճակին մէջ, երբ Միացեալ Նահանգները կ՛ուժեղացնեն Ռուսիոյ վրայ ճնշումը` Ուաշինկթընի ազդեցութիւնը եւ դեմոկրատական արժէքները խարխլելու փորձերուն պատճառով:
«Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին կարծիքով` այս որոշումը ցոյց կու տայ Ուաշինկթընի որոշ ոլորտներուն մէջ Ռուսիոյ հետ կայուն յարաբերութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ աշխատելու ցանկութիւնը: