Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ հաստատած են Ռուսիոյ դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ, «ՌԻԱ Նովոթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան:
«Այսօր Պայտընի վարչակազմը քայլերու կը ձեռնարկէ… Ռուսիոյ դէմ` Միացեալ Նահանգներու գերիշխանութեան եւ շահերու դէմ անոր կառավարութեան եւ հետախուզական ծառայութիւններու գործողութիւններուն պատճառով», կը նշուի Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:
Երէկ ամերիկեան պատժամիջոցներ հաստատուեցան ռուս 32 անձերու եւ իրաւական գոյացութիւններու դէմ, որոնց շարքին` ռուսական վեց ճարտարագիտական գիտութիւններու, որոնք ամբաստանուած են ամերիկեան ընտրութիւններուն վրայ ազդելու համար ռուսական գաղտնի սպասարկութիւններու համացանցային ծրագիրին աջակցելու յանցանքով:
Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛արտաքսեն Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութեան տասը աշխատակիցներ: Աշխատակիցներու շարքին կան Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւններու ներկայացուցիչներ»:
Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Ճապարով յայտնած էր, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատեն, Մոսկուան զանոնք անպատասխան պիտի չձգէ. եթէ դիւանագէտները արտաքսուին, պատասխանը պիտի յաջորդէ համապատասխան դիրքերով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է գիտակցի, թէ պէտք է Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման գինը վճարէ` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կը հակասեն երկու երկիրներու շահերուն: