Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաթվիենքօ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւնները Տեղի Կ՛ունենան «Բաց Եւ Ժողովրդավարական Ձեւով»

April 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընթացող ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիան կը յուսայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 20 յունիսին նախատեսուած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան բաց եւ ժողովրդավարական ձեւով:

Շեշտելով, որ Հայաստանը կարեւորագոյն քաղաքական իրադարձութեան` արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշէմին է, Մաթվիենքօ յայտնած է. «Մենք յոյսով ենք, որ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ընտրութիւնները պիտի անցնին բաց, ժողովրդավարական ձեւով եւ պիտի արտօնեն կայունացնել Հայաստանի մէջ ընկերային կացութիւնը»:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ համար եղբայրական երկիր է եւ դաշնակից:

«Մեր յարաբերութիւնները շատ կայուն կը զարգանան, հակառակ այն բոլոր խնդիրներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան», աւելցուցած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը:

Մաթվիենքօ նաեւ արցախեան տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած է զերծ մնալու կարծր յայտարարութիւններէ եւ աջակցելու հաստատուած փխրուն խաղաղութեան` շարժելով դէպի շրջանին մէջ կացութեան վերջնական կարգաւորում:

«Հիմա գլխաւորը զերծ մնալն է որեւէ կարծր յայտարարութիւններէ, աջակցիլ ձեւաւորուած փխրուն, բայց եւ այնպէս խաղաղութեան եւ շարժիլ դէպի վերջնական կարգաւորում ու շրջանին մէջ լարուածութեան ջնջում», ըսած է Մաթվիենքօ` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ժամանակ, որ տեղի ունեցած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ` ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ:

«Ատիկա անհրաժեշտ է ո՛չ միայն Հայաստանին, Ազրպէյճանին, այլեւ անհրաժեշտ է Ռուսիոյ, անհրաժեշտ է շրջանի բոլոր պետութիւններուն» աւելցուցած է ան:

Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը նշած է այն կարեւոր դերակատարութիւնը, որ այժմ կը խաղան ռուս խաղաղապահները:

«Մեր խաղաղապահները ո՛չ միայն կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, այլ նաեւ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, կ՛ապահովեն գաղթականներու վերադարձի անվտանգութիւնը երկու կողմերէն, կ՛աջակցին ենթակառոյցներու, աւերուած տուներու վերականգնման եւ կ՛արձագանգեն բոլոր խնդրանքներուն», ըսած է ան:

«Գլխաւորը այն է, որ արիւնահեղութիւնը դադրեցուած է, երկխօսութիւնը տեղափոխուած է խաղաղ քաղաքական դաշտ: Ասիկա առողջ բանականութեան յաղթանակն է: Հիմա շատ կարեւոր է շարունակել նոյն երկխօսութիւնը` մնացեալ սուր խնդիրները քայլ առ քայլ վերցնելու համար: Անոնք ի հարկէ գոյութիւն ունին», ըսած է ան:

Բացի ատկէ, Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը ընդգծած է, որ օրակարգի վրայ է գերիներու փոխանակման հարցը: «Ռուսիան սկիզբէն իսկ ստանձնած է բոլորը բոլորի դիմաց փոխանակման սկզբունքը: Հոլովոյթը կը շարունակուի: Եթէ չեմ սխալիր, աւելի քան 50 հայ պատերազմական գերի վերադարձած է հայրենիք», նշած է Մաթվիենքօ:

 

 

Նախորդը

«Թրքական Պատուիրակութիւնը Մայիսի Սկիզբը Պիտի Այցելէ Եգիպտոս» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ռէյնճըրզի Յառաջապահը 4 Մրցումով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.